Փակ Նիստի Ժամանակ Ընդունուած Յայտարարութիւնը Ուղղուած է Միջազգային Հանրութեան, Բայց Սպասելիքները Շատ Չեն. Աշոտ Դանիէլեան

Աշխարհ, Հայաստան

«ԱՊԱՌԱԺ»

Փակ նիստի ժամանակ ընդունուած յայտարարութիւնը ուղղուած է միջազգային հանրութեան, բայց անոր մասին սպասելիքները շատ չեն, որովհետեւ, երբ Արցախի մէջ էինք, ընդունած էինք բազմաթիւ յայտարարութիւններ, որոնք կրկին ուղղուած էին միջազգային հանրութեան: Այդ ժամանակ աւելի ծանր վիճակ էր, այդ ժամանակ անոնք պիտի որեւէ քայլի դիմէին, բայց…: Մենք տեսանք, որ ատիկա չեղաւ:

Այս մասին, այսօր, լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին, ըսաւ Արցախի ԱԺ պատգամաւոր Աշոտ Դանիէլեան։  «Միջազգային հանորւթեան լռութիւնն աւելի շատ կախուած էր ՀՀ-ի ներկայ իշխանութիւնների դիրքորոշումից: Նկատելի է, որ Հայաստանի իշխանութիւններն այսօր փորձում են ամէն ինչ մոռացութեան տալ Արցախի մասին, բայց չպիտի մոռանալ 1991-ին տեղի ունեցածը»,- ըսաւ պատգամաւորը: 

Յիշեցնենք, որ այսօր՝ Դեկտեմբեր 10-ին, Արցախի ներկայացուցչութեան մօտ տեղի ունեցած փակ նիստին ընթացքին ընդունուած է կարեւոր յայտարարութիւն՝ ուղղուած միջազգային հանրութեան:

Մանրամասն՝ տեսանիւթով