Սուրիահայութիւնը Պիտի Աջակցի Սուրիոյ Վերականգնումին․ Բերիոյ Թեմ

Սփիւռք

Կիրակի օր, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Սուրիական հայրենիքին մէջ փոփոխութիւններու այս փուլին, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յորդորենք ըլլալ զուսպ եւ զգոյշ, այս ժամերուն բնակարաններէն միայն անհրաժեշտութեան պարագային դուրս գալ:

«Հայ համայնքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ սուրիական հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման սատարող, երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան ջատագով:

«Այս երկրին մէջ դարարմատ ու կառուցողական ներկայութիւն ունեցող սուրիահայութիւնը համատեղ աշխատանքով պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ վերականգնումի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն:

«Խաղաղութիւն կը մաղթենք սուրիական հայրենիքին, իսկ Հալէպէն առժամաբար մեկնողներուն` ապահով ուղիներով բարի վերադարձ, որպէսզի միասին, ձեռք-ձեռքի նպաստենք երկրի բարգաւաճման»:

Նշենք, որ Հալէպի ռազմական կառավարման պատասխանատուները 9 Դեկտեմբերին, հանդիպում մը ունեցան հայ եւ քրիստոնեայ համայնքապետերուն հետ։ Անոնք ըսին, որ կը յարգեն քրիստոնեաներու կրօնական առանձնայատկութիւնները:

Նաեւ, «Գանձասար»ը կը հաղորդէ, որ Կիրակի առաւօտուն, տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ Ս․ պատարագ մատուցուեցաւ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Դեկտեմբեր 7, 1988-ի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

Facebook-ի «Կասիոս-Քեսապ» էջը կը հաղորդէ, որ նոյն օրը, յետմիջօրէին, Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Քեսապը ներկայացնող հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութեան ու երկիրը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ:

«Փոխհասկացողութեան եւ գործակցային մթնոլորտի մը մէջ ընթացած հանդիպումին լոյսին տակ՝ կը թելադրենք քեսապահայութեան, որ խաղաղ սրտով եւ լաւատեսութեամբ շարունակեն իրենց ամէնօրեայ բնականոն կեանքը»,- կ՛ըսուի «Կասիոս-Քեսապ»ի էջի՝ վերոնշեալ գրութեան մէջ: