Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-ամեակին Նուիրուած Երեկոյ

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորը՝ գործակցութեամբ Կլէնտէյլի «Յ. Թումանեան»  մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին՝ կը ներկայացնէ գրական-գեղարուեստական երեկոյ մը, նուիրուած՝ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 1 Դեկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4։30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 211 W. Chestnut St, Glendale, CA 91204:

 Մուտքը ազատ է։