
պաքուի Մէջ Գերի Պահուած Հայերը Պէտք է Արձակուին․ Թանդիլեանը Դիմած է ՀՀ-ի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն
Նամակներ գրած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն՝ մէկ անգամ եւս յիշեցնելով պաքուի բանտերուն մէջ առնուազն 23 մեր հայրենակիցներու առկայութեան մասին։ Այս մասին գրած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեան:
«Մինչ աշխարհը հաւաքւում է գլոբալ (համաշխարհային, «ԵՌԱԳՈՅՆ») հրատապ մարտահրաւէրներին դիմակայելու համար, ազրպէյճանը շարունակում է անտեսել մարդու հիմնարար իրաւունքները եւ մարդասիրական սկզբունքները:
Յորդորել եմ դեսպաններին՝ իրենց երկրների կողմից գործադրել դիւանագիտական ազդեցութիւնը՝ այս անարդարացիօրէն կալանաւորուած մարդոց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակման համար»,- գրած է Թանդիլեան: