
Նոյեմբեր 10-ին Հայաստանի եւ Սփիւռքի Առաքելական Եկեղեցիներուն Մէջ Համահայկական Աղօթք Պիտի Կատարուի
Նոյեմբեր 10-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս Սուրբ Պատարագի պիտի կատարուի համահայկական աղօթք արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մասնաւորապէս ազրպէյճանի կողմէ առեւանգուած, գերեվարուած եւ պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար պահուող զինծառայողներու, քաղաքացիական անձանց եւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն համար։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն:
Ամենայն Հայոց Հայրապետի կոչին ընդառաջ՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Քոնֆերանսը (ԵԵՔ) յորդորած են իրենց անդամ եկեղեցիներուն ու բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց, Նոյեմբեր 10-ին միանալու Հայաստանին եւ արցախահայութեան նուիրուած աղօթքի օրուան։