
Շուշիի Եւ Արցախի Կորուստին Նուիրուած Հսկում՝ Կլենտէյլի Մէջ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կազմակերպութեամբ ՀԵԴ-ի Կլենտէյլի «Ռուբէն» եւ Մոնթեպելլոյի «Վահան Քարտաշեան» ուխտերուն, Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին եւ ամբողջ Արցախի կորուստին ու այդ ընթացքին ինկած նահատակներուն հոգիներուն նուիրուած մոմավառութեամբ հսկում մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 9 Նոյեմբեր 2020ին կնքուած տխրահռչակ զինադադարի համաձայնագիրին 4-րդ տարելիցին առիթով։
Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204։