ազրպէյճանը Ոչնչացուցած է Մոխրենես Գիւղը

Աշխարհ, Հայաստան

«ԱՊԱՌԱԺ»

ազրպէյճանի վանտալային գործողութիւնները չեն սահմանափակուիր միայն յուշարձաններու, գերեզմանոցներու եւ եկեղեցի-վանքերու ոչնչացմամբ։ ազրպէյճանը թիրախ դարձուցած կը վերացնէ հայկական գիւղերն ու թաղամասերը։ Այս անգամ ամբողջութեամբ ոչնչացուած է Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղը, որ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած էր 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ։

Արբանեակային պատկերները ցոյց կու տան, որ գիւղի տուներուն մեծ մասը, դպրոցը, մանկապարտէզն ու այլ շինութիւններ քանդուած են։ Ընդհանուր առմամբ՝ քանդուած է աւելի քան 40 տուն եւ շինութիւն, իսկ Մոխրենեսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին մինչեւ 2022 թուականի Հոկտեմբերը ամբողջութեամբ աւերուած էր։