Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Իրականացած է «COP 29-ը պաքուի Մէջ. Քողարկելով Ցեղական Զտումը» Խորագիրով Խորհրդաժողով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի պատգամաւոր Լուգաս Ֆուրլասի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի համատեղ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ Նոյեմբեր 5-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, իրականացուած է «COP 29-ը պաքուի մէջ․ Քողարկելով ցեղական զտումը» խորագիրով խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին Եւրոպական խորհրդարանի տարբեր քաղաքական խումբեր ներկայացնող պատգամաւորներ, պելճիքացի քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ պելճիքահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Խորհրդաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան խորհրդաժողովը հիւրընկալող Լուգաս Ֆուրլասը, Եւրոպական միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ եւ Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեանը,  ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը։

Իբրեւ խորհրդաժողովի բանախօսներ հրաւիրուած էին «Յանուն մարդու իրաւունքներու միջազգային համագործակցութիւն կազմակերպութեան» Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի ծրագրերու ղեկավար Սիմոն Բաբուաշուիլին, Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Գադալինա Տէ Լա Սոդան, արցախցի լրագրող Սիրանոյշ Սարգսեանը եւ Դաւիթ Վարդանեանը՝ Ռուբէն Վարդանեանի որդին:

Խորհրդաժողովին նպատակն էր կեդրոնանալ ազրպէյճանի մէջ COP 29-ի իրականացման առնչուող տարբեր խնդիրներու վրայ, մասնաւորապէս, թէ այս համաշխարհային համաժողովի նպատակներուն համար ինչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անոր հիւրընկալումը պաքուի մէջ՝ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն ծիրէն ներս, յատկապէս Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ցեղական զտումներու ետնապատկերին մէջ։

Խորհրդաժողովը լոյս սփռած է Արցախի հայութեան բռնի տեղահանումը պարտակելուն միտուած ազրպէյճանի կառավարութեան շարունակական արշաւին վրայ, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ շրջակայ միջավայրի հանդէպ այդ երկրի աղաղակող վերաբերմունքին վրայ։ Ընդհանուր առմամբ քննարկումները ծաւալուած են քաղաքական, բնապահպանական եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ ազրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումներու վերհանման ծիրին մէջ:

Մեկնաբանելով խորհրդաժողովին իրականացումը՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատած է․«Այս խորհրդաժողովի իրականացումը կարեւոր ուղերձ է COP 29-ին մասնակցիլ պատրաստուող եւրոպական պատուիրակութիւններուն՝ առ այն, որ բնապահպանական իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը չեն կրնար առանձնանալ մարդու հիմնարար իրաւունքներէն ու ազատութիւններէն։ ազրպէյճանը, մարդու իրաւունքներու նման վիճակով եւ պատերազմական յանցագործութիւններով պէտք չէ հնարաւորութիւն ունենար հիւրընկալելու այս կարեւոր ձեռնարկը, որմով պէտք է փորձէ պարտակել ցեղասպանի իր դիմագիծը։ Մենք անգամ մը եւս մեր գոհունակութիւնը կը յայտնենք Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն, յատկապէս Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուգաս Ֆուրլասին՝ խորհրդաժողովի հիւրընկալման համար։

Այս խորհրդաժողովի նախօրէին Եւրոպական խորհրդարանի 52 պատգամաւորներուն կոչը ազրպէյճանին՝ գերիներու ազատ արձակման, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ Հայաստանի տարածքէն զինուած ուժերը դուրս հանելու պահանջով, Եւրոպական խորհրդարանի յստակ քաղաքական դիրքորոշման արտայայտութիւնն է, որ առարկայացած էր աւելի վաղ ընդունուած բանաձեւով։ Մենք պիտի շարունակենք իրազեկման մեր աշխատանքները եւ լիայոյս ենք՝ COP 29-ին մասնակից եւրոպական պատուիրակութիւնները չեն կեդրոնանար միայն բնապահպանական խնդիրներուն վրայ եւ հայութեան առնչուող խնդիրներուն ծիրէն ներս կը բարձրաձայնեն այն տեսակէտները, որոնք վերջին ամիսներուն ընթացքին տեղ գտած են Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերուն ու ԵՄ գործադիր իշխանութեան յայտարարութիւններուն մէջ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

06/ 11 / 2024թ․