Կոմիտասի Կիսանդրիին Տեղադրումը՝ Ուաթըրթաունի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, ժամը 1-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաճուսէց) Հայ Մշակութային եւ Կրթական կԵդրոնի մուտքին պիտի կատարուի հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագետ, վարդապետ եւ ուսուցիչ՝ Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) կիսանդրիին բացման հանդիսութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը։

Իր ծննդեան 155-ամեակին առթիւ, Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական կԵդրոնի յանձնախումբը մտայղացումը ունեցաւ տեղադրելու այս կիսադրին, որ կը պատկանի Գանատաբնակ հանրածանօթ քանդակագործ Մկրտիչ Տարաքճեանի (ծնած՝ Հալէպ)։

Նոյնինքն Տարաքճեանին կը պատկանին ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի արձանը, որ տեղադրուած է Ուաշինկթընի ՀՀ դեսպանատան մուտքին։ Իսկ Գանատայի մէջ, Տարաքճեանէն երկու այլ կիսանդրիներ՝ Եուսուֆ Քարշ եւ Կոմիտաս, տեղադրուած են յաջորդաբար՝ մայրաքաղաք Օթաուայի եւ Մոնթրէալի մէջ։