Հոյակապ Համերգ` Ի Պատիւ Կոմիտաս Վարդապետի Եւ Շարլ Ազնաւուրի, Սուրբ Ղազարի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Անձրեւոտ աշնանային օր մը, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը անմոռանալի համերգ մը տուաւ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ:

Համերգը մաս կը կազմէր միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին ու ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին: Հայ եւ օտար ունկնդիրներու հոծ բազմութիւն մը ժամանած էր այս առիթով Սուրբ Ղազար:

Հայր Համազասպ Քէշիշեան` Մխիթարեան վարդապետ, բարի գալուստի խօսքով բացաւ երեկոն` ոգեշնչուած մթնոլորտ մը ստեղծելով,  որուն մէջ հայ ժողովուրդի սրբազան երաժշտութիւնը եւ ֆրանսական շանսոնները ներդաշնակ կերպով միաձուլուեցան:

Յայտագիրը բացուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններով, որոնք կը մարմնաւորեն հայկական ժողովրդական ու եկեղեցական երաժշտութեան էութիւնը: «Գարուն ա», «Շուշիկի» եւ «Կռունկ» խոր յուզումով ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ, որ եռանդուն ծափահարութեամբ վարձատրեց վսեմ եւ նուրբ մեկնաբանութիւնը: Յատկապէս ջութակահար Աստղիկ Վարդանեանի մենանուագը` «Կռունկ»-ը դիմաւորուեցաւ քար լռութեամբ զմայլած ժողովուրդին կողմէ: Կոմիտասի պատարագէն` «Հայրապետական մաղթանք»-ը հանդիսաւոր ու խոնարհ երկիւղածութիւն ստեղծեց դահլիճին մէջ:

Համերգին երկրորդ մասը բացուեցաւ Եւրոպայի մէջ առաջին անգամ հնչող «Ազնաւուր մետլի»-ով մը: Մեկնաբանութեամբ Հայարփի Եղիկեանի (Զիլ) եւ Սիփան Օլահի (վերերգակ)` «Pour toi Arménie» երգը արժանացաւ երկարատեւ ծափողջոյններու եւ նշեց համերգին աւարտը` փակելով այսպէս մեծանուն հայերուն նուիրուած երեկոն, սփիւռքի մշակութային եւ հոգեկան հայրենիք հանդիսացող Սուրբ Ղազար մայրավանքին մէջ:

Լուսանկարները`
ԴԱՒԻԹ ՍԱՀԱԿԵԱՆի

«ԱԶԴԱԿ»