Կլիմայական Արդարութիւն Չի Կրնար Ըլլալ Առանց Մարդկային Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան․ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ

Աշխարհ, Հայաստան

Նոյեմբեր 11-22 պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի կլիմայական փոփոխութեան հեղինակաւոր համաժողովը՝ COP29-ը:

Մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վատագոյն ցուցանիշներ արձանագրած, քարիւղային բռնապետութիւն համարուող ազրպէյճանը ընդամէնը մէկ տարի առաջ Արցախի մէջ ցեղային զտումներ իրականացուցած է, բռնի տեղահանութեան ենթարկելով 120,000 Արցախահայութիւնը:

Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ազրպէյճանը կը շարունակէ հայկական հետքի ոչնչացումը, մշակութային ցեղասպանութիւնը։ պաքուի բանտերուն մէջ կը շարունակեն պատանդառուած մնալ քանի մը տասնեակ հայ ռազմագերիներ, քաղաքացիական անձինք, ներառեալ՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։

Կլիմայական արդարութիւն չի կրնար ըլլալ առանց մարդկային արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Բռնապետական երկրի մէջ համաժողովի իրականացումը հնարաւորութիւն պիտի տայ ազրպէյճանին մաքրելու ցեղասպանի արիւնոտ ձեռքերը, խմբագրելու վարչաձեւին վարկանիշը։

Համաժողովին մասնակցող միջազգային պատուիրակներէն կը պահանջենք ճնշում գործադրել պաշտօնական պաքուի վրայ՝ ազատ արձակելով ապօրինաբար բանտերու մէջ պահուող բոլոր հայ գերիներն ու Արցախի պատանդառուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:

Այդ պահանջով՝ Նոյեմբեր 1-ին, 14։00-ին տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց, որ պիտի սկիզբ առնէ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւէն, այուհետեւ, մասնակիցներուն երթը պիտի շարժի դէպի ՀՀ ԱԳՆ եւ ՀՀ-ի մէջ գործող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպանատուներ։  

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին