
Արցախեան Գիրքի Շաբաթ Երեւանի Մէջ
Հոկտեմբեր 26-ին մեկնարկած է Արցախեան գիրքի շաբաթը Երեւանի Մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։
Ցուցահանդէս-վաճառքին արցախցի գրողները հնարաւորութիւն ունեցան ներկայացնելու իրենց հեղինակած գիրքերը, ինչպէս նաեւ ձեռք բերելու նոր ընթերցողներ։
Արցախեան գիրքի շաբաթ ցուցահանդէս-վաճառքը կազմակերպած է «Ոգի-Նաիրի» գեղարուեստի կեդրոնը եւ «Բուկինիստ» ընկերութիւնը:


