
Յանուն Մշակոյթի… (ԼԱ.) Ըմբոստութիւն` Մեր Գիւղին Մէջ… Մովսէս Ս․ Հերկելեան
Այնճար, 1970, ամառ
Այդ օրերուն մենք` պատանիներս, բաւականին չար էինք, եւ այնքան ալ դիւրին չէր մեզի խօսք հասկցնելը: Սակայն գիւղին մէջ երէց սերունդէն կար անձնաւորութիւն մը, որ ձեւը գտած էր իրեն հանդէպ յարգանք պարտադրելու (իր ցանկութեամբ անունը չենք հրապարակեր): Եկէք` պայմանականօրէն անուանենք զինք Յովակիմ: Ան մեզի հետ կը վարուէր ընկերաբար, հաւասարէ հաւասարի (գոնէ արտաքնապէս այդպէս կը թուէր) ու առանց որեւէ տեսակ բռնութիւն բանեցնելու մեր վրայ` կը փորձէր ուղղորդել մեզ: Մենք ալ, մեր հերթին, կը ձեւացնէինք, թէ կը հնազանդէինք իրեն: Եւ որովհետեւ կուսակցական էր, իրեն կը դիմէինք իբրեւ ընկ. Յովակ:
Իրիկուն մը, ուշ ատեն, Վարուժան Փանոսեանն ու զիս իր տուն հրաւիրեց կարեւոր հարցի մը շուրջ «խորհրդակցելու»: Գացինք եւ նստանք իրենց պատշգամը: Նախ բացատրեց մեզի, թէ ի՛նչ է Համազգայինը (Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն), եւ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է մասնաճիւղ մը հիմնել Այնճարի մէջ: Ապա բացատրեց նաեւ, թէ ինչո՛ւ գիւղին կեդրոնը գտնուող Ապակիէ սրճարանը (որ «Ճամլէն» կամ «Ճամը Գախվան» կ՛անուանէինք մեր բարբառով) շատ մեծ յարմարաւէտութիւններ ունի Համազգային միութեան համար ակումբ ըլլալու: Այսպէս, յստակ եւ ընդարձակ նախաբանէ մը ետք, իբրեւ եզրակացութիւն` ըսաւ.

– Այս տարի Ապակիէ սրճարանի տէրերուն եւ քաղաքապետութեան միջեւ կնքուած պայմանագիրի ժամկէտը կը լրանայ: Որպէսզի կարողանանք Համազգայինի ակումբի վերածել զայն, պէտք չէ թոյլ տալ, որ պայմանագիրը վերանորոգուի:
Ու խորհրդաւոր ու իմաստալից առոգանութեամբ աւելցուց.
– Դուք` պատանիներդ, կրնաք ընել այն, ինչ որ մենք` երէցներս, չենք կրնար ընել:
Վարուժը խանդավառուելով` ըսաւ.
– Դուք հոգ մի՛ ընէք, մենք գիտենք այդ «գումարճիները» (բախտախաղ խաղցողները) ինչպէ՞ս պիտի փախցնենք ատկէ:
Ընկ. Յովակը քանի մը «զսպիչ» խրատներ տալէ ետք եզրակացուց.
– Տղա՛ք, այս մեր հանդիպումը բացարձակապէս գաղտնի պէտք է մնայ: Մանաւանդ իմ անունս երբեք, որեւէ առիթով եւ որեւէ տեղ պէտք չէ յիշուի, ձեր ընկերները մեր հանդիպման մասին պէտք չէ գիտնան: Ասիկա իբրեւ գերգաղտնիք պէտք է մնայ… մեր մէջ: Դաշնակցականի խօսք կ՛ուզեմ…
Ընկ. Յովակին միտքը հանգստացնելու համար ըսի.

– Մեր խօսքը տղամարդու խօսք է, կրնաք վստահիլ մեզի:
Վարուժն ու ես գոհ էինք եւ շոյուած կը զգայինք, որ նման կարեւոր «առաքելութիւն» մը կը վստահուէր մեզի:
Նախ իբր թէ գաղտնի խորհրդակցական հանդիպում մը կազմակերպեցինք քաղաքապետարանին կից գտնուող, «Դալար անկիւն» սրճարանը, որուն տէրն ու տնօրէնը Վարուժին եղբայրը` Գրիգոր Փանոսեանն էր: Խորհրդակցութեան հրաւիրեցինք մեր մտերիմ ընկերներէն` Յակոբ Կէպէշեանը, Սեպուհ Սգայեանը եւ Պետիկ Ինճէեանը: Որովհետեւ «Ճամլէն» ապակեայ մեծ պատուհաններ ու դռներ ունէր, որոշեցինք քարկոծելով ապակիները ջարդել, գրաւել շէնքն ու տէրերը վռնտել: Իսկ «յեղափոխութեան» համագիւղացիական բնոյթ տալու համար, որոշեցինք նաեւ մեր մէջ ներառել Այնճարի բոլոր թաղերէն, յարանուանութիւններէն ու միութիւններէն տղաք, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեցինք Յովհաննէս Գապագեանը ու Կիրակոս Պ. Խօշեանը, որովհետեւ անոնք գիւղի «քար նետելու» մրցոյթի ախոյեաններն էին ու վարժ էին պարսատիկ օգտագործելու մէջ:
Մենք` «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներս, վերապահութենէ աւելի, տեսակ մը ատելութիւն ունէինք «Ճամլէն» յաճախող «գումարճիներուն» եւ առհասարակ այդ կառոյցին հանդէպ: Անձնապէս ուղղակի կը զզուէի անոնցմէ, որովհետեւ ամառ մը հոն աշխատած էի իբրեւ մատուցող, ուր աչքով տեսած էի, թէ ինչպէս մէկը իր հեծանիւը բախտախաղի մէջ կորսնցուց, ուրիշ մը իր ամուսնական մատանին եւ այլն: Սակայն այս բոլորէն վեր սարսափելիօրէն վատ ազդեցութիւն ձգած էր վրաս ու ցնցած էր, զիս դէպք մը, որ այս առիթով չեմ կրնար չպատմել: Գիշեր մը, աւելի ճիշդը` մութնուլուսուն, փոքեր խաղալու ընթացքին վէճ յառաջացաւ «գումարճիներուն» միջեւ… տասը լիբանանեան լիրայի համար: Այն ատեն տասը լիրան մեծ դրամ էր, ես քանի մը շաբաթ պէտք էր աշխատէի այդքան գումար վաստակելու համար: Երբ վէճը թէժացաւ, եւ ներկաները սկսան իրարու անվայել խօսքեր ուղղել ու զիրար վիրաւորել, յանկարծ անոնցէ մէկը, որ թէեւ քաղաքաբնակ էր, սակայն «հերոսի» անուն ունէր նաեւ գիւղին մէջ, գրպանէն տասը լիրայի թղթադրամ մը հանեց, այրեց զայն ու շատ հանգիստ, ցուցականօրէն, բոլորին դիմաց սիկարեթը վառեց…
Իմ նրբազգաց ու պատուախնդիր ընթերցող, այս դէպքը ուղղակիօրէն տաղեց ու բզկտեց իմ պատանեկան մատղաշ ուղեղս… Մենք գիւղին մէջ կիսավայրենի կեանք վարելով հանդերձ, ունէինք մեր ազգային ու մարդկային սրբութիւնները, որովհետեւ տարբեր ձեւով դաստիարակուած էինք թէ՛ մեր ընտանիքներէն, թէ՛ դպրոցէն եւ թէ՛ մանաւանդ ակումբէն ներս: Նոյնիսկ գիւղի փողոցը բարոյական անգիր սուրբ օրէնքներ ունէր: Կարծեմ հիմա կրնաս ըմբռնել, թէ ինչո՛ւ ատելութեամբ լեցուած էինք «Ճամլէն» սրճարանին հանդէպ:
Իմ արդարամիտ ընթերցող, հետեւելով Սասունցի Դաւիթի օրինակին, որոշեցինք վճռական ճակատամարտէն առաջ, իբրեւ նախազգուշացման միջոց, լոզունգներ գրել ու փակցնել գիւղի խանութներուն ու «Ճամլէն» սրճարանի ապակիներուն վրայ: Այս «նուրբ» գործը վստահուեցաւ մեզմէ համեմատաբար կրտսեր սերունդի` «Ֆոնքաշ» կիսագաղտնի կազմակերպութեան, ու առաջարկը ներկայացուցինք իրենց ղեկավարին` Պետիկ Հերկելեանին, որ իր հերթին հաւաքելով իր վստահելի ընկերներէն խումբ մը` Միհրան Աշգարեան, Փոլ Հերկելեան, Համազասպ Թաշճեան, Հրայր Շէմմեսեան, Ժաք Հերկելեան, Յովհաննէս Խօշեան, Կարապետ Շաննագեան եւ այլն, գործը յաջողութեամբ պսակեցին: Լոզունգներէն քանի մը հատը Փոլն ու Միհրանը յիշեցուցին ինծի. «Մոլութեան խաւարի տունը պիտի վերածենք լոյսի փարոսի», «Քամիին հետ եկած դրամը քամիին հետ կ՛երթայ», «Զատկուան հացը փոր չի լեցներ», «Հող էիր եւ հող դարձիր»… եւ այլն: Այս լոզունգները ցնցիչ տպաւորութիւն ձգած էին գիւղին մէջ: Իսկ «գումարճիները» ուղղակի սահմռկած ու քաղաքապետարան դիմած էին…
Հակառակ անոր որ մենք փորձած էինք հաւաքման վայրն ու ժամը գաղտնի պահել, սակայն երբ «Դալար անկիւնէն» դուրս ելանք ու ժամանեցինք գիւղին ճիշդ կեդրոնը, «չեմ գիտեր ինչի պէս» տնկուած չորս յարկանի աշտարակ-ժամացոյցին միւս կողմը տեսանք, որ հսկայ բազմութիւն մը հաւաքուած էր հոն: Ներկաներէն շատեր թէեւ պատրաստ էին քարկոծելու «Ճամլէն», սակայն պատճառէն տեղեակ չէին: Բացի վերոյիշեալներէն, մեզի օգնելու եկած էին նաեւ` Փանոս Մանճեանը, Պօղոս Ճապրայեանը, Յակոբ Ճանպազեանը, Մովսէս Թ. Հերկելեանը, Կարօ Սգայեանը, Զաւէն Կէպեշեանը, Գրիգոր Փանոսեանը… խայտաբղէտ բազմութիւն մը, որ կառավարելը այնքան ալ դիւրին չէր: Այնպէս որ, երբ Վարուժին եւ միւսներուն հետ կը խորհրդակցէինք, թէ ինչպէ՞ս եւ ո՞ր ուղղութեամբ յարձակումը պիտի սկսէր, յանկարծ անակնկալօրէն եղբայր Գաբրիէլը եկաւ: Այդ շրջանին ան սկաուտութեան մէջ «վարիչ առաջնորդի» աստիճան ունէր, եւ ես իր խումբէն էի: Թէեւ թէ՛ ինք դժգոհ էր ինձմէ եւ թէ՛ ես իրմէ, սակայն տեղ մը համակրանք ունէի իրեն հանդէպ: Այս պատճառով ալ բարեացակամօրէն ընդունեցի զինք: Սակայն Վարուժը, որուն հօրեղբօր տղան էր, զայրացած` ըսաւ.
– Ի՞նչ գործ ունիս հոս, դուն տարիքով մեծ ես մեզմէ… մեր խումբէն չես:
– Մի՛ նեղանաք, տղա՛ք, ես եկած եմ ձեզի օգնելու:
– Ի՞նչ պիտի օգնես, մենք ամէն ինչ պատրաստած ենք արդէն:
– Այո՛, բայց նկատի առէք, որ ասիկա յետոյ մեր ակումբը պիտի ըլլայ եւ ապակիները պէտք չէ ջարդէք:
– Նայէ, մենք քու խրատներուդ պէտք չունինք, մենք գիտենք` ի՛նչ պիտի ընենք ու ի՛նչ պիտի չընենք:
– Լա՛ւ, դուք գիտէք, բայց ես ձեր կողքին եմ, եւ նկատի առէք, որ Այնճարի մէջ Համազգային միութիւն ստեղծելու առաջարկը ես ըրած եմ… Միայն թէ…
Ես զարմացած էի, թէ ինչո՛ւ Վարուժը կը մերժէր զինք, երբ եկած էր մեզի միանալու եւ օգնելու, մանաւանդ որ ներկաներէն շատեր սկաուտներ էին: Այդ պատճառով ալ մէկ կողմ քաշեցի Վարուժը ու ըսի.
– Վարո՛ւժ, ձգէ` թող մնայ, աւելի լաւ… կ՛օգնէ մեզի…
– Դուն ասոր չես ճանչնար, ամէն տեղ քիթը կը կոխէ, Աստուած գիտէ, թէ ի՛նչ յետին մտքեր ունի… Յամենայն դէպս, եթէ կ՛ուզես, թող մնայ… բայց փոքր պատանիներու հետ եւ երկրորդ գիծի վրայ:

Եղբայր Գաբրիէլը համակերպեցաւ, սակայն իր պատճառով վէճ յառաջացաւ մեր մէջ` ջարդե՞լ, թէ՞ չջարդել: Ի վերջոյ, Վարուժին առաջարկով որոշուեցաւ քանի մը ապակի ջարդելէ ետք միայն զինադադար յայտարարել ու մեր արդար պայմանները ներկայացնել վաշխառու «գումարճիներուն», որոնք գիւղի սրտին վրայ նստած` թէ՛ ծուլութեան կը վարժեցնէին գիւղացիները եւ թէ՛ անոնց գումարները կը կորզէին: Ժամացոյցը, ուր հաւաքուած էինք, շատ հեռու չէր «Ճամլէն» սրճարանէն: Նախ առաջ անցան պարսատիկներով զինուած տղաքը, որոնք հնարաւորութիւն ունէին աւելի հեռուէն ռմբակոծելու թշնամիին բերդը: Ապա մենք` իբրեւ ծանր հրետանի, շարուած էինք անոնց ետեւը` զինուած յատուկ ընտրուած քարերով: Մեր ետեւէն կու գար կրտսերներու խումբը` իբրեւ պահեստային ուժ: Երբ յարձակման ազդանշանը տրուեցաւ, բանակի շարքերուն մէջ իրարանցում յառաջացաւ, պարզապէս այն պատճառով, որ ամէն մարդ կ՛ուզէր ինք առաջին ապակի ջարդողը ըլլալ ու հերոսանալ: Պէտք է ըսել, որ բաւականին դժուար եղաւ «խելագարուած ամբոխը» զսպելը, որուն մէջ կարեւոր դեր կատարեց եղբայր Գաբրիէլը, որմէ ետք անպաշտօն կապը եղաւ մեր եւ նորակազմ վարչութեան միջեւ: («Ականջդ խօսի, ընկ. Փանջունի» պիտի ըսէր ընկ. Օտեանը):
Երբ ջարդուած դարպասէն (ոմանք պատուհաններէն) ներս մտանք, յուսախաբ եղանք, ոչ ոք կար հոն: «Թշնամին» ամրոցը լքած ու փախած էր… ետեւի պատուհաններէն: Հաւաքուեցանք ներսը եւ «Ով որ քաջ է» երգով տօնեցինք մեր յաղթանակը: Կը կարծէինք, թէ այսքանով հարցը վերջ կը գտնէր, ու «Ճամլէն» պաշտօնապէս պիտի յանձնուէր մեզի` յեղափոխականներուս… աւելի ճիշդը` Համազգայինի նորակազմ վարչութեան: Սակայն պարզուեցաւ, որ «թշնամին», թէեւ չարաչար պարտուած էր ու ընդյատակ մտած, չէր հրաժարած իր «իրաւունքներէն» ու պայքարը տեղափոխած էր իրաւական դաշտ: Անոնք դիմած էին քաղաքապետութեան ու պահանջած, որ պատժեն մեզ, եւ մենք վնասուց հատուցում տանք դռներն ու պատուհանները նորոգելու համար: Պայման դրած էին նաեւ` օրինաւոր աճուրդ կազմակերպել ու «Ճամլէն»-ը յանձնել անոր, որ ամէնէն աւելի վարձք կը վճարէր:
Յետոյ իմացանք, որ Յակոբ Փանոսեանը, խորհրդակցելէ ետք քանի մը ընկերներու հետ, կը յառաջացնէ վարչութիւն մը` հետեւեալ կազմով. Յակոբ Փանոսեան` ատենապետ, Անահիտ Գուշագճեան` քարտուղար, Մարտիրոս Հերկելեան` գանձապահ, իսկ Մարի Աբրահամեանն ու եղբայր Գաբրիէլը` խորհրդականներ:
Եղբայր Գաբրիէլը, որ մեր պաշտօնական «բանբեր»-ն էր այլեւս, լուր բերաւ, որ քանի մը օր ետք օրինաւոր աճուրդ տեղի պիտի ունենար քաղաքապետարանին մէջ «Ճամլէն» սրճարանի ճակատագիրը որոշելու համար: Մենք անգամ մը եւս հաւաքուեցանք «Դալար անկիւնը» ու որոշեցինք քարկոծել նաեւ քաղաքապետարանը: Դարձեալ եղբայր Գաբրիէլը եկաւ ու այս անգամ խափանեց մեր «օրինաւոր ու արդար» միջամտութեան կերպը: Ան ըսաւ, որ վարչութիւնը որոշած է նստացոյց կազմակերպել եւ այս անգամ` առանց վայրագութեան: Թէեւ խոստացանք, որ մեզի հետ որեւէ տեսակի «զէնք» պէտք չէ տանինք, սակայն ապահովութեան համար մեզմէ շատեր զինուած էին քարերով, փոքր գաւազաններով եւ նոյնիսկ ոմանք` դաշոյններով եւ կամ պարսատիկներով: Եւ քանի որ յարձակման եւ կռիւի հարց չկար, մենք լուր տուինք նաեւ յեղափոխականի խառնուածքի տէր իգական սեռի որոշ ներկայացուցիչներու… Երբ զինուած պատրաստուած, առանց որեւէ արգելքի հանդիպելու, քաղաքապետարանի բակը մտանք խումբով… աղջիկները ժամանած էին արդէն, որոնց ներկայութիւնը աւելի բարձրացուց մեր մարտական տրամադրութիւնները: Հոն էին` Եւա Լուրջեանը, Սոնա Աբրահամեանը, Զուարթ Կէպեշեանը, Վիքթոր Հերկելեանը, Մարօ Ֆիլհաննեսեանը, Զուարթ Աբրահամեանը, Քնար Իբրաճեանը, Սիւզան Գալուստեանը, Անուշ Գժտրեանը, Սոնա Ճանսզեանը եւ այլն:

«Թշնամի»-ն ու իրենց մանկլաւիկները, դուռ ու պատուհան գոցած` ծուարած էին ներսը: Մենք, հակառակ մեր տուած խոստումին, չկրցանք հանգիստ նստիլ ու սպասել… Բարձրաձայն պոռչտուքներով կը պահանջէինք, որ անյապաղ չեղեալ համարեն աճուրդը, այլապէս կը սպառնայինք քաղաքապետարանը եւս գրաւել ու դուրս վռնտել զիրենք: Ի վերջոյ, աճուրդ տեղի չունեցաւ, ու քաղաքապետութեան կազմն ու պաշտօնեաները, դուռը գոցեցին ու գլուխնին կախ` անխօս հեռացան…

Սակայն տրուած ըլլալով, որ օրէնքը «գումարճիներուն» հետ էր, եւ անոնք ահագին կողմնակիցներ ունէին գիւղին մէջ, նոյնիսկ «Յառաջ» վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան անդամներէն շատեր իրենց կողքին էին, հարցը կը ձգձգուէր… համբերութենէ դուրս հանելով թէ՛ մեր «յեղափոխական» տղաքը, եւ մանաւանդ` մշակութասէր գիտակից երիտասարդութիւնը (Խաչիկ Պագալեան, Սարգիս Յ. Զէյթլեան, Յովհաննէս Գարագաշեան, Նիկոլ Հերկելեան, Մուշեղ Գարագաշեան, Վահէ Աշգարեան, Վերգինէ Այնթապլեան, Մովսէս Ճանպազեան, Զաւէն Թաշճեան, Վռամ Մինասեան, Սառանիկ Չափարեան, Տիգրան Յ. Փանոսեան, Մովսէս Խ. Հերկելեան, Զուարթ Աբրահամեան, Գր. Մանճեան, Յասմիկ Աբրահամեան, Անահիտ Ճուհարճեան…), որոնք թիկունք կը կանգնէին «վարչութեան»: Երբ «թշնամին» դիտմամբ կը շարունակէ հարցը քաշքշել ժամանակ շահելու համար, վարչութիւնը քաղաքապետարան «կը խուժէ» նիստի ժամանակ, ու քաղաքապետ Յարութիւն Շերպեթճեանի ներկայութեամբ քաղաքապետարանը կը ստիպուի Համազգայինի նորակազմ վարչութեան յանձնել «Ճամլէն» կառոյցը: Այս մէկը ի՞նչ ձեւաչափերով, կամ ի՞նչ պայմաններով տեղի կ՛ունենայ, ծանօթ չէ ինծի:
Վարչութիւնը առաջին հերթին կը կազմակերպէ գեղարուեստական երեկոյ մը, որմէ գոյացած հասոյթը կը տրամադրուի ակումբի նորոգութեան, որուն հսկողութիւնը կը վստահուի Գաբրիէլ Փանոսեանին: Հոս հարկաւոր է յատուկ գնահատանք արձանագրել Գաբրիէլ Փանոսեանին, անոր համար որ ոչ միայն ինք եղած է Այնճարի մէջ Համազգային հիմնելու առաջարկողներէն ու ջատագովներէն մէկը, այլ նաեւ միշտ Յակոբ Փանոսեանի կողքին եղած է ու նպաստած` Այնճարի մէջ Համազգային հիմնելու ընդհանուր պայքարին…
Յաջորդ տարին` 1971-ին, երբ ես մեկնած էի արդէն Հայաստան` ուսանելու, Այնճարի Համազգայինի վարչութիւնը պաշտօնապէս կը վաւերացուի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, իսկ տարի մը ետք ակումբին բացումը կը կատարուի մեծ շուքով: Եւ որովհետեւ Պարոյր Սեւակի մահուան կսկիծը դեռ թարմ էր գիւղին մէջ, միութիւնը կը մկրտուի Պարոյր Սեւակի անունով: Իսկ ակումբին կից գործող սափրիչի խանութը կը վերածուի գրախանութի, ու անոր պատասխանատու կը նշանակուի Անի Ինճէեանը:
Երկրորդ ձեռնարկը, առաջին անգամ ըլլալով, պարահանդէս մըն էր, որ կը կազմակերպուի գիւղին մէջ, եւ ի հեճուկս կարգ մը ընդդիմադիրներու` աւելի յաջող եւ աւելի հասութաբեր կ՛ըլլայ, եւ, իբրեւ արդիւնք, միութիւնը կ՛ունենայ իր ժողովասրահը իր յարակից սենեակներով, ինչպէս նաեւ` կոկիկ գրադարան մը:
Ասկէ ետք կը յառաջացնեն յատուկ յանձնախումբեր: Առաջին հերթին կը կազմակերպուի երգչախումբը, որուն իբրեւ խմբավար` Պէյրութէն կը հրաւիրուի Գէորգ Գանտահարեանը: Ապա կը յառաջացնեն Թատերական միաւորը ու առաջին հերթին կը ներկայացնեն Սունդուկեանի «Պեպօ»-ն` բեմադրութեամբ Մուշեղ Գարագաշեանին եւ մասնակցութեամբ Զաւէն Թաշճեանին, Վերգինէ Այնթապլեանին, Մովսէս Խ. Հերկելեանին, Յակոբ Փանոսեանին եւ ուրիշներու: Ընթացքին կը կազմակերպուի պարախումբ, եւ տեղի կ՛ունենան նաեւ դասախօսութիւններ ու ընկերային տարբեր տեսակի հաւաքոյթներ: Ընկերային յանձնախումբը մէկ կողմէ կը պայքարէր «ընդդիմադիրներու» դէմ, որոնք կը շարունակէին զրպարտել ու նուաստացնել նորակազմ միութիւնը եւ միւս կողմէ` կը պահպանէին միութեան բարոյական վարկը: Ընկերային յանձնախումբը կ՛ունենայ աշխուժ եւ բեղուն գործունէութիւն, որոնց անդամներէն կրցանք յիշել Նիկոլ Հերկելեանն ու Սարգիս Յ. Զէյթլեանը: Սոյն վարչական կազմը կը գործէ մինչեւ 1973 թուական, մինչեւ Յակոբ Փանոսեանի մեկնումը գիւղէն: Այնուհետեւ Այնճարի մշակութային կեանքը կ՛ընթանայ որոշ վերիվայրումներով, համապատասխան` երկրի քաղաքական ու տնտեսական զարգացումներուն: Այսօր, շնորհիւ գիւղի ղեկավարութեան, ի մասնաւորի` «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հովանաւորութեան եւ ուղղակի աջակցութեան, «Ճամլէն» կոչուած բախտախաղի կեդրոնի կառոյցը զարգանալով ու շինարարական յաւելեալ լրացումներով վերածուած է Սարգիս Զէյթլեանի անուան ժողովրդային տան, ու կը ծառայէ գիւղի մշակութային, քաղաքական եւ ընկերային տարբեր տեսակի կարիքներուն:
Սիրելի՛ արդարամիտ ու իրատես ընթերցող, որովհետեւ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ծննդոցի պատմութիւնը գրելու համար արխիւային նիւթ չկար մեր տրամադրութեան տակ, խորհրդակցեցանք տասէ մը աւելի ականատեսներու եւ մասնակիցներու (Յակոբ Փանոսեանի, Վարուժան Փանոսեանի, Նիկոլ Հերկելեանի, Միհրան Աշգարեանի, Վիքթոր Հերկելեանի եւ ուրիշներու…) հետ, եւ ապա միայն շարադրեցինք այս պատումը: Եթէ որոշ բացթողումներ եղած են ու որոշ անուններ` մոռցուած, ենթակաները թող ներողամիտ ըլլան:
(Այնճար, Սեպտեմբեր 2023)
Ծանօթ.- Այս պատումը գրելէ եւ աւարտելէ ետք ղրկեցինք զայն Յակոբ եւ Վարուժան Փանոսեաններուն, որոնք կարդալէ եւ իւրաքանչիւրը իր բաժինը հաստատելէ ետք միայն յանձնեցինք հրատարակութեան: