Բռնագրաւուած Արցախի Մէջ ազրպէյճան Քանդած Է «Մեծ Եւ Փոքր Սիւնիքներ» Յուշակոթողը

Աշխարհ, Հայաստան

Monument Watch-ը կ՛ահազանգէ, որ ազրպէյճան քանդած է Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն սահմանագլխուն գտնուող «Մեծ եւ Փոքր Սիւնիքներ» յուշակոթողը՝ յիշեցնելով, որ անոր կարգավիճակին վերաբերեալ, թէ՛ զանազան լրատուականներ եւ անհատներ եւ թէ Monumentwatch նախաձեռնութիւնը ահազանգած էին տակաւին Ապրիլ 2023-ին :

Այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Յիշեցնենք, որ 2023 թուականի Մարտ 29-ին ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի նախկին երթուղիի փակումէն եւ արդէն Ապրիլի սկիզբը` նոր երթուղիի արեւմտեան հատուածի (Կոռնիձոր եւ Տեղ գիւղերով անցնող) գործարկումէն ետք ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ նաեւ Սիւնիքի եւ Արցախի սահմանագլխուն կառուցուած «Մեծ եւ Փոքր Սիւնիքներ» կամ «Մայր Հայրենիք» կոչուող յուշակոթողը:

«Յուշարձանը կառուցուած է 2004 թուականին Մեծ եւ Փոքր Սիւնիքներու միասնութեան գաղափարով: Յուշարձանի ճարտարապետը Սեւատա Զաքարեանն է, կառուցուած է Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի նախաձեռնութեամբ եւ Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային գործարանի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Մաքսիմ Յակոբեանի ֆինանսաւորմամբ: 2007 թուականին յուշարձանի տարածքին կանգնեցուած է նաեւ խաչքար: Սուղ ժամկէտներու մէջ յուշահամալիրի տեղափոխութեան անհնարինութիւնը հաշուի առնելով, հայկական կողմը 2023 թուականի Ապրիլ 3-ին տեղափոխեց միայն խաչքարը (https://syuniacyerkir.am/syuniqi-e%D6%82-artsakhi-sahmanaglkhin-kangnetsvats-mets-e%D6%82-poqr-syuniqner-hushakotokhy-nuynpes-okhbergakan-chakatagir-unetsav), եւ ասիկա կարելի է համարել եզակի բացառութիւն, երբ յուշարձանը կը հանուի իր պատմական բնանկարէն, կը կտրուի իր ամբողջականութենէն` յանուն փրկութեան: Ինչպէս եւ կ՝եզրակացուէր, Google-ի արբանեակային քարտէզի 2024 թուականի Ապրիլ ամսու թարմացումով արդէն կ՝երեւի, որ յուշարձանը հաւասարեցուած է հողին:

«Մեր արձագանգը

«1954 թուականի Հաագայի պայմանագիրը, որը նաեւ միւս միջազգային պայմանագրերուն հիմքն է, իր առաջին յօդուածով կը սահմանէ․ «Մշակութային արժէքը անկախ ծագումէն կամ սեփականատիրոջէն, իւրաքանչիւր ժողովուրդի  համար մեծ նշանակութիւն ունեցող շարժական կամ անշարժ ժառանգութիւնն է, ինչպիսիք են ճարտարապետութեան, արուեստի կամ պատմութեան յուշարձանները, անկախ անոնց կրօնական կամ աշխարհիկ բնոյթէն»: Համաձայն «Զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Հաագայի պայմանագրի 4-րդ յօդուածին` արգիլուած է մշակութային  ժառանգութեան հանդէպ վանտալութեան, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեյարդարի ցանկացած գործողութիւն:

«Մեծ եւ Փոքր Սիւնիքներ» յուշակոթողը ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէ ետք պէտք է պաշտպանուած ըլլար վերոնշեալ համաձայնագրի Առաջին Արձանագրութեամբ, որ նախատեսուած է գրաւեալ (իւրացուած) տարածքներու մէջ մշակութային կամ հոգեւոր արժէքներու պաշտպանութեան համար: Արձանագրութեան 1-ին կէտը կը նշէ, որ «Իւրաքանչիւր կողմ կը պարտաւորուի կանխել զինուած հակամարտութեան ժամանակ իր կողմէ գրաւուած տարածքէն մշակութային արժէքներու վնասը, արտահանումը, կամ փոխանցումը երրորդ երկիր» (http://portal.unesco.org/en/ev.phpURL_ID=15391&URL_DO=DO_TOPIC&URL_SECTION=201.html): Նկատենք, որ ազրպէյճանը, 1993 թուականի Սեպտեմբեր 20-էն ընդունած է այս արձանագրութիւնը եւ պարտաւորուած է հետեւելու դրոյթներուն (https://www.unesco.org/en/countries/az/conventions):

«Այնուամենայնիւ, ինչպէս եւ ցոյց կու տան այս եւ ասոր նախորդած բազմաթիւ դէպքերը, ազրպէյճանը կ՝իրականացնէ մշակութային ցեղասպանութիւն` ոտնահարելով միջազգային պայմանագրերով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները»: