«ԼՂ Փախստականներու Իրաւապաշտպան Միութիւն»-ը UNESCO-ին Կոչ Ըրած է Ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի Բազմադարեայ Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան Անվտանգութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

«Լեռնային Ղարաբաղի փախստականներու իրաւապաշտպան միութիւն»-ը նամակով դիմած է UNESCO-ին ՝ կոչ ընելով հաւատարիմ մնալու սեփական առաքելութեան եւ իր իրաւագիրին ծիրէն ներս ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի բազմադարեայ հայկական մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը։

«ԼՂ փախստականներու իրաւապաշտպան միութիւն»-ը UNESCO-ի ուշադրութիւնը հրաւիրած է 2020-2023 թթ․ պատերազմներու եւ արցախահայութեան ցեղական զտումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան դրութեան, ազրպէյճանի կողմէ հայկական եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու քանդման, պղծման, իւրացման անժխտելի փաստերուն, հայկական գերեզմանատուներու նկատմամբ իրականացուող «ճանապարհաշինարարական» վանտալութեան, ազգային-պատմական կառոյցներու քանդման եւ այն բոլոր յանցանքներուն, որոնք մէկ բառով կարելի է բնորոշել իբրեւ էթնոցիդ՝ մշակութային ցեղասպանութիւն։

«Մենք կը շարունակենք հաւատացած մնալ, որ հայկական պատմական-մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը հնարաւոր է լաւագոյնս ապահովել միայն այդ ժառանգութեան կրողներու՝ արցախահայութեան միջազգայնօրէն երաշխաւորուած վերադարձի պարագային»,- նշուած է նամակին մէջ: