
Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Վերահաստատեց Լիզպոնի Նուիրեալներուն Կտակին Նկատմամբ Իր Հաւատարմութիւնը
«ԱԶԴԱԿ»
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2024-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կալի Թագւորեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիզպոնի գործողութեան կարեւորութեան եւ հաստատեց, որ Լիզպոնի նահատակներուն յիշատակն ու զոհաբերութիւնը յաջորդող սերունդներուն համար եղան լոյսի եւ յոյսի ներշնչման աղբիւրներ: Ան նշեց. «Պէտք է, Լիզպոնի տղոց նման, խօսքը վերածենք գործի ամբողջական ուժականութեամբ, յանուն մեր գերագոյն նպատակին` հասնելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին: Իրենց նահատակութիւնը դարձաւ մեր ազգի ազատութեան եւ արդարութեան համար մղուող պայքարի խորհրդանիշը, ուստի մենք կը շարունակենք մնալ պահանջատէր, որուն համար մեր ազգը կարիքը ունի յանձնառու երիտասարդներու»:
Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ. «Լիզպոնի հինգը մեզի կ’ըսեն` Դաշտը այսօր եւ միշտ մե՛րն է, դո՛ւք էք մեր ներկան եւ ապագան: Լիզպոնի տղաքը կ՛ոգեւորեն մեր ամէնօրեայ պահանջատիրական պայքարը: Այսօր, իրենց լուսաւոր յիշատակին առջեւ, կը վերանորոնորոգենք մեր պայքարի ուխտը եւ ամբողջ սրտով, անբիծ պատուով կը խոստանանք ընդարձակել հայու արդար դատին ի խնդիր սկսած պայքարը: Անոնց կտակը կոչ է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար` յիշեցնելու, որ մեր հայրենիքի պատուի համար պայքարը տակաւին աւարտած չէ, եւ պէտք է շարունակենք իրենց երազանքը` գալիք սերունդներուն համար»:
Բացման խօսքէն ետք ԼԵՄ-ականներ ասմունքեցին Ճորճ Ատուրեանի` «Հայդուկներ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը:
Օրուան պատգամաբերն էր Յակոբ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ նոյնիսկ 41 տարիներ ետք մենք հաւաքուած ենք եւ պիտի շարունակենք հաւաքուիլ Լիզպոնի հերոսներու յիշատակին ու կտակին շուրջ, որքան ալ մեր գաղափարները նսեմացնեն, մեր երազներն ու իտէալները ոտնահարեն, որքան ալ մեր ազգային արժէքներէն մեզ տարանջատելու փորձ կատարեն: Ան դիտել տուաւ, որ Լիզպոն հինգի հերոսական արարքը, անկախ իր արձանագրած միջազգային արձագանգէն, Հայ դատի հետապնդման համար ստեղծած իր դարձակէտային ու անկիւնադարձային պահէն, հայութեան վերադարձուց պայքարի իրապաշտ հասկացողութիւնը: Ան նշեց, որ այս արարքը հարկ է ստանայ համապատասխան հնչեղութեան եւ համազգային արժէք` հակառակ ամէն փորձերուն, Հայ դատի հետապնդման պայքարը միջազգային թակարդներու ոչ մէկ ատեն մատնուած է, եւ փաստօրէն այդ պայքարի նկարագիրը մնացած է անբիծ: Ան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Լիզպոնի տղաքը կազմաւորուեցան Լիբանանի հայկական թաղամասերուն մէջ, անոնք իրենց յեղափոխական-գաղափարական դաստիարակութիւնը ստացան այս միջավայրին մէջ, ամբողջական յանձնարութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած պարտականութիւններն ու մեր ժողովուրդի եւ թաղերու պաշտպանութեան համար գտնուեցան առաջնագիծի վրայ: «Այս հանգամանքը ինքնին յաւելեալ պարտաւորութեան եւ պատասխանատուութեան դիմաց կը դնէ լիբանանահայ պահանջատէր երիտասարդութիւնը եւ ի մասնաւորի` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը», շեշտեց Հաւաթեան:
Պատգամաբերը նշեց, որ Լիզպոն հինգի հերոսական սխրանքը այսօր բազում խորհրդածութիւններու առիթ կու տայ եւ թելադրութիւններ կը կատարէ. «Հայ կեանքի ապրած ընդհանուր թոհուբոհին մէջ կը շարունակէ մնալ ամրակուռ փարոս, փոխուած են ժամանակները, բայց մեզի համար դաստիարակութեան էութիւնը մնացած է նոյնը, այդ դաստիարակութեան շնորհիւ` մեր նորահաս սերունդը կը կերտէ իր ազգային ու գաղափարական նկարագիրը: Մնացեալը շատախօսութիւն է, որմէ կը տուժեն` գործը, աշխատանքը, նուիրուածութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ յեղափոխական նկարագիրը», շեշտեց բանախօսը:
Ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` իր ձայնը լսելի դարձնելու միշտ ու ամէնուրեք, որպէսզի մեր ժողովուրդը զգայ, որ ինք կոտրուած չէ, ինք կքած չէ, հայ մարդը զգայ, որ Արարատը է ու կը մնայ մեր գոյութեան իմաստը, եւ որ` այդ լերան վրայ պիտի շարունակէ ծածանիլ ԼԵՄ-ի տեղադրած դրօշը: «Պատգամեցէ՛ք բոլորին, որ յարատեւ է մեր կռիւը, որ` պիտի բացուի հայութեան նոր արշալոյսը: Թող ժողովուրդը գօտեպնդուի ձեր ուխտով, թող դարձեալ ապրի հայավայել հպարտանք ու կանգնի ձեր կողքին ինքնավստահ: Ելէ՛ք ոտքի ու տուէ՛ք ձեր պատգամը բոլորին` այսօրուան բոլոր մոլորեալներուն, ազգի ու հայրենիքի գաղափարական ակունքներէն հեռացած տկարամիտներուն: Մխիթարեցէ՛ք մեր ժողովուրդի հերոսածին մայրերը, ձեր պայքարի վճռակամութեամբ եւ ձեր արի կեցուածքով ու նուիրական գործով համոզեցէ՛ք զանոնք, որ իրենց հոգեհատորներուն կեանքը, իրենց ամենաթանկն ու անոր արիւնը անիմաստ տեղը չշաղախուեցաւ Արցախ աշխարհի ու Հայաստանի սահմաններուն հողին հետ: Անոնց թափած արիւնով ոռոգեցէ՛ք ու թարմացուցէ՛ք ձեր պայքարի ոգին ու ըսէ՛ք բոլորին, որ ձեզի համար ամենաթանկը հայրենիքն է, ու դուք պատրաստ էք այսօր եւ վաղը տալու ամէն ինչ հայրենիքին համար»: (Յակոբ Հաւաթեանին խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք հետագային):
Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ ԼԵՄ-ի նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան նուիրուած երգերով:
Ձեռնարկին յաջորդեց ջահերթ` դէպի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուն` առաջնորդութեամբ ջահակիր ԼԵՄ-ի ընկերներուն եւ մասնակցութեամբ հայորդիներու:
Լիզպոնի 5 տղոց պանթէոնին դիմաց խօսք առաւ Ներսէս Ապրիլեան, որ շեշտեց, թէ 27 յուլիս 1983-ը անջնջելի հետք ձգեց Հայոց պատմութեան մէջ, յարատեւ պայքարի կայծեր սերմանեց իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի մէջ եւ ահաւոր վախ մը` թշնամիին մէջ:
Ան հաստատեց. «ՀՅԴ ԼԵՄ-ը ոչ մէկ ձեւով կրնայ հաշտուիլ ազգը կորուստներու մատնելու գաղափարին հետ: ԼԵՄ-ը կը մերժէ մահուան դատապարտուածի ու պարտուածի հոգեբանութիւնը: Ո՛չ, մենք մահուան դատապարտուածներ չենք: Մենք կանք` ապրելու, գոյատեւելու եւ յաղթելու համար:
«Լիզպոնի խենթերը» տակաւին կը սպասեն յեղափոխական մեր արշաւին: Անոնք յաւերժ պիտի մնան մեր պայքարի մղիչ ուժը: Լիզպոնի հինգին միտքերն ու կեցուածքները մի՛շտ ուղեցոյց պիտի հանդիսանան մեզի: Մենք այսօր կ’երդնունք հաւատարիմ մնալ ու շարունակել անոնց ուղին, մինչեւ, որ հայը հասնի իր նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին»:
Իր խօսքի վերջին բաժինով Ներսէս Ապրիլեան հաստատեց, որ պայքարը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի ամէն օր, ամէն ժամ ու ամէն տեղ, կարելի բոլոր միջոցներով: Յաճախ նաեւ` անկարելին կարելի դարձնելով:
Խօսքին յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն:





