
նիկոլ փաշինեանի Անվտանգութիւնը Պէտք է Ապահովեն թուրք Յատուկջոկատայինները․ թուրք Գործիչ
«նիկոլ փաշինեանի անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն թուրք յատուկջոկատայինները»: Այս մասին թրքական “Sozcu TV”-ի եթերով ըսած է յայտնի թուրք գործիչ, “Independent Turkce” կայքի գլխաւոր խմբագիր նեւզէթ չիչեքը։
Վերջինս նշած է, որ Հայաստանի վարչապետ նիկոլ փաշինեանը կոչ ըրած է հայ հասարակութեան հրաժարելու պատմական Հայաստանի երազանքէն եւ ընդունելու ներկայ Հայաստանը իր սահմաններով։
չիչեքը նաեւ յիշեցուցած է Հայաստանի տէ-ֆաքթօ վարչապետի ուղղաթիռին հետ կապուած վերջին միջադէպը։ Ան ընդգծած է, որ այս դէպքը մտահոգութիւն յառաջացուցած է թուրքիոյ մէջ։
թուրք գործիչը նաեւ յայտարարած է, որ թէեւ իր խօսքերը պիտի զայրացնեն շատերը, սակայն ինքը կը պնդէ, որ նիկոլ փաշինեանի անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն թրքական յատուկ ջոկատայինները։