Հայաստանի Կողմէ Շարունակական Զիջումները Չեն Կրնար Զսպել ազրպէյճանի Ախորժակը․ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ ազրպէյճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, մասնաւորապէս` ներկայիս Տաւուշի մարզի նկատմամբ։ ազրպէյճանի անհիմն տարածքային պահանջները, ինչպէս՝ Հայաստանի Տաւուշի մարզի եւ, այսպէս կոչուած, «անկլաւներ»-ու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզով արտատարածքային փոխադրամիջոցային կապի վերաբերեալ, բացարձակապէս անընդունելի են։

ազրպէյճանը, հրաժարելով դուրս բերելէ իր զինուած ուժերը 2021 թ. ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի աւելի քան 200 քառ․ քմ տարածքէն՝ ճնշում կը գործադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ՝ իր վերահսկողութեան տակ առնելու ՀՀ Տաւուշի մարզի ռազմավարական տարածքները։ Այսպիսով` ազրպէյճանը «սահմանազատման եւ սահմանագծման» քողի տակ կ՝իրականացնէ հողերու գրաւում, որն ալ աւելի կը խորացնէ Հայաստանի խոցելիութիւնը։

Եթէ ազրպէյճանը վերահսկողութեան տակ վերցնէ Հայաստանի Տաւուշի մարզի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքները, ատիկա մեծապէս կը վտանգէ Վրաստանի հետ Հայաստանի միջպետական կապը, Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող կազատարը եւ կը շրջափակէ շարք մը հայկական գիւղեր, որ անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ անոնց հայաթափման։ Բացի այդ, նոր իրավիճակը նաեւ կը վտանգէ Լոռի մարզի անվտանգութիւնը։

Հակառակ գործընթացին ներգրաւման` Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, որ ասիկա անվտանգութեան ամուր երաշխիքներ չ՝ստեղծեր ազրպէյճանի կողմէ հնարաւոր ապագայ յարձակման դէմ։ Այսպիսով` Հայաստանի իշխանութեան ներկայ գործողութիւնները, որոնք կ՝իրականացուին առանց տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու երաշխիքի, յետագայ կապիտուլիացիա են եւ կը հակասեն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան։ Աւելին՝ ատիկա թոյլ կու տայ ազրպէյճանին աւելի լաւ դիրքերէ նոր յարձակում իրականացնելու։

Մենք խորապէս համոզուած ենք՝ ազրպէյճանի յարձակողական կեցուածքը կապուած է այն հանգամանքին հետ, որ ազրպէյճանը պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած Արցախի մէջ իր ցեղասպան քաղաքականութեան, Արցախի բնիկ ժողովուրդին հանդէպ իրականացուցած ցեղական զտումներուն համար։

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կոչ կ՝ընէ ներգրաւուած բոլոր հիմնական դերակատարներուն՝ ներառեալ ԵՄ-ին, ԱՄՆ-ին եւ Ռուսիոյ, պատասխանատուութեան ենթարկելու ազրպէյճանի քարիւղային բռնապետութիւնը՝ Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ իր շարունակական ֆաշիստական քաղաքականութեան համար: Որպէս եւրոպական քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւն՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ՝ափսոսայ ԵՄ գործադիր իշխանութեան կողմէ ազրպէյճանի բռնապետութեան հանդէպ ցուցաբերած երկակի չափանիշներուն համար:

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը համոզուած է՝ Հայաստանի կողմէ շարունակական զիջումները չեն կրնար զսպել ազրպէյճանի ախորժակը։ Վերջինս կը շարունակէ քարոզել այսպէս կոչուած «Արեւմտեան ազրպէյճանի» գաղափարը, որ կ՝ենթադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ ողջ տարածքի իւրացում։

ազրպէյճանի համար շօշափելի ուժի եւ հետեւանքներու վրայ հիմնուած միասնական եւ ամուր դիմադրութիւնը ներկայիս միակ գործօնն է, որ կրնայ զսպել ազրպէյճանական բռնապետութիւնը եւ անոր ծաւալապաշտական օրակարգը։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

03/ 05/2024 թ․