Կը Վերահաստատենք՝ Փաշինեանը Այլեւս Իրաւունք Չունի ՀՀ Անունով Բանակցութիւններ Վարելու․ «ՀայաՔուէ»

Հայաստան

«ՀայաՔուէ»-ի յայտարարութիւնը Տաւուշի մարզէն գիւղերու զիջումին անթոյլատրելիութեան մասին․

Հայ-ազրպէյճանական սահմանագծման ու սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովին` 7 Մարտի հանդիպումէն երկու օր անց, պաքուի բռնապետական վարչակարգը ապօրինի ու վերջնագրային պահանջ ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ազրպէյճանին յանձնելու Տաւուշի մարզի չորս գիւղեր՝ իբրեւ սահմանագծման ու սահմանազատման աշխատանքներու շարունակման նախապայման։

Հերթականօրէն ականատեսը կ’ըլլանք ազրպէյճանի կողմէն Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ հարկադրանքի, ուժի գործադրումով սպառնալիքի կիրառման, այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներ, ռազմավարական նշանակութեան բարձունքներ, միջպետական նշանակութեան ճանապարհներու հատուածներ կը գտնուին պաքուի բռնագրաւումին տակ եւ, ի լուր ամբողջ աշխարհի, ցինիկ կերպով յայտարարուած է, որ ազրպէյճանական զօրքերը մէկ սանթիմեթր անգամ ետ պիտի չքաշուին իրենց յայտնուած դիրքերէն։

ազրպէյճանի այս լկտի գործելակերպը ուղղակի հետեւանք է Հայաստանի մէջ գործող հակազգային վարչախումբի պարտուողական քաղաքականութեան եւ միակողմանի զիջումներուն։

Հերթականօրէն համոզուեցանք, որ գործող իշխանութիւններուն կողմէ Արցախը ազրպէյճանին յանձնելը դուռ կը բանայ Հայաստանի հանդէպ նորանոր յարձակումներ գործելուն։ պաքուի այս սանձարձակութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ, որ Փաշինեանի վարչախումբի իշխանութեան տակ Հայաստանը չի դիմակայեր ազրպէյճանական յարձակումը եւ ոչ ալ կ’ապահովէ այդ յարձակումը կանխելու ունակ դաշնակից կամ գործընկեր երկիրներու աջակցութիւնը։

Այս վարչախումբը ծրագրուած կերպով մեր երկիրը ներքաշած է աշխարհաքաղաքական խարդաւանքներու ու բախումներու ոլորտ՝ զայն կանգնեցնելով նոր ու աւերիչ պատերազմի շեմին, որմէ խուսափելու համար պատրաստ է նորանոր, ոչ պակաս կործանարար զիջումներու։ Այսպիսի զիջումները կը մասնատեն Հայաստանը եւ անոր տարբեր մասերը կը դարձնեն յետագայ յարձակումի հեշտ թիրախ։

Ուստի, կը վերահաստատենք մեր համոզմունքը առ այն, որ Փաշինեանի վարչախումբը այլեւս որեւէ իրաւունք չունի Հայաստանի անունով բանակցութիւններ վարելու եւ պէտք է օր առաջ հեռանայ՝ ճամբայ բանալով ազգային ձեռներեց իշխանութեան ձեւաւորման համար, որ պիտի համախմբէ մեր ժողովուրդը՝ հայրենի հողի իւրաքանչիւր սանթիմեթրը պաշտպանելու համար։