
Ֆրանսայի Ծերակոյտը ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող Բանաձեւ Ընդունած է
Ֆրանսայի Ծերակոյտը 336 կողմ եւ մէկ դէմ ձայնով ընդունած է ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւ: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։
Ֆրանսայի Ծերակոյտը այսօր կը քննարկէր 2023 թուականի Դեկտեմբեր 1-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը՝ ուղղուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանի ռազմական յարձակումը դատապարտելուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ յարձակման յետագայ փորձերը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելը կանխելուն»:
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՝ընէ պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ Լեռնային Ղարաբաղ հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխիք։