ազրպէյճանը Յայտարարած է Հադրութի Սբ. Յարութիւն Եկեղեցին Իբրեւ Աղուանական Վերականգնելու Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանը յայտարարած է Հադրութի Սբ. Յարութիւն եկեղեցին իբրեւ աղուանական վերականգնելու մասին։ Այս մասին իր Facebook-ի էջով կը հաղորդէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Պետական խորհուրդը։

Ըստ Հադրութ քաղաքի նորամշակ գլխաւոր հատակագիծին՝ յառաջիկային, հնագիտական պեղումներ իրականացնելէ ետք, անիկա պիտի վերականգնուի։ Կը նախատեսուի նաեւ եկեղեցւոյ մէջ ստեղծել «աղուանական» մշակոյթը ներկայացնող թանգարան։