ՀՀ Իշխանութիւնը Կը Խոչընդոտէ Արցախի Պետական Հիմնարկներու Պահպանման. Վահրամ Բալայեան

Հայաստան

Արցախի պետական հիմնարկներու պահպանումը այսօր անհրաժեշտութիւն է։ ABC Media-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան։

«Պետական հիմնարկներու պահպանումը կարեւոր է արցախահայերուն շահերը պաշտպանելու համար։ Միջազգային տարբեր հարթակներէ անընդհատ կը յայտարարեն, որ բռնի տեղահանուածները պետք է վերադառնան իրենց տուները։ Այս գործընթացին անմիջականօրէն կրնան նպաստել Արցախի պետական հիմնարկները»,- ըսած է Բալայեան։

Արցախի հայաթափումէն մինչ օրս Հայաստանի գործող իշխանութիւնը տարբեր մակարդակներով, վերջերս ալ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի շուրթերով նշած է, որ Արցախի ոչ մէկ հիմնարկ պիտի գործէ, անոնց գործելը կ՝առաջացնէ ազգային անվտանգային խնդիր։ Բալայեանի խօսքով՝ ՀՀ պաշտօնեաներուն մտավախութիւնը տեղին չէ։

«Եթէ անոնք կը կարծեն, թե Արցախի պետական հիմնարկներուն ՀՀ-ի մէջ տեղ տալով կրնան շարժել թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի զայրոյթը, կը սխալին։ Բոլորիս համար ալ նկատելի է՝ ինչպէս ազրպէյճանը իր ծրագրածով առաջ կ՝երթայ՝ ուշադրութիւն չդարձնելով Հայաստանին տուած խոստումներուն, համաձայնութիւններուն։ Հիմնարկները պէտք է գործեն ՀՀ-ի մէջ»,- ըսած է ան։