Արցախին Պէտք Միջանկեալ Կարգավիճակ Շնորհուի․ Արթուր Խաչատրեանի Ելոյթը՝ Եւրոնեսթի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը Նոյեմբեր 13-ին ելոյթ ունեցած է Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ իրականացուող Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովներու համատեղ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային վերջին զարգացումները:

«Յարգելի գործընկերներ,

Նախ, կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել համազեկուցողներուն՝ ընդունելու համար, որ արիւնահոսող հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ չէ կարգաւորուած՝ հակառակ անոր, որ 2023 թուականի Սեպտեմբերին ազրպէյճանը 120,000 հայ ենթարկած էր բռնի ցեղական զտման իրենց սեփական տուներէն: Եթէ Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովը եւ միջազգային Հանրութիւնը ընդհանուր առմամբ պատշաճ կերպով անդրադարձ կատարած ըլլար ազրպէյճանի իրականացուցած վայրագութիւններուն ու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման, միանգամայն հնարաւոր է, որ տարածաշրջանը այսօր ցեղական զտման չենթարկուէր եւ մենք կարենայինք խուսափիլ սեպտեմբերեան յարձակման ժամանակ անմեղ մարդոց մահէն։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ունի երկար պատմութիւն, երբ պոլշեւիկները, հակառակ բնակչութեան կամքին, Լեռնային Ղարաբաղը միացուցին Խորհրդային ազրպէյճանին։ Բայց ես չեմ պատրաստուիր խօսելու պատմութեան մասին, ես կ՝ուզեմ խօսիլ հակամարտութեան կարգաւորման մասին։

ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ժամանակաւորապէս զրկած է իրենց տուներէն, սակայն չի կրնար զրկել անոնց սեփական ճակատագիրը որոշելու իրաւունքէն։ Հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի առաջարկած երեք հիմնական սկզբունքներուն հիման վրայ՝ ուժի չկիրառում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ հաւասար իրաւունքներ ու ժողովուրդներու ինքնորոշում։ Քաղաքական կարգաւորման ուղղուած առաջին եւ կենսականօրէն անհրաժեշտ քայլը ցեղական զտումներու դատապարտումն ու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի ապահովումն է։ Ակնյայտ է, որ ցեղասպանութենէն եւ ցեղական զտումներէն ետք ազրպէյճանը պիտի չի երաշխաւորէ եւ չի կրնար երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Հետեւաբար, պէտք է տրամադրուին համապատասխան միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ, ներառեալ միջազգային խաղաղապահութիւնը կամ անհրաժեշտութեան պարագային, խաղաղութեան կիրարկման գործողութիւնը: Պէտք է ստեղծուի Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող անվտանգ միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղին տրուի միջանկեալ կարգավիճակ, ոը պիտի ապահովէ անվտանգութեան ու ինքնակառավարման երաշխիքները։

Տասնեակ առիթներով միջազգային հանրութիւնը զգուշացուցած է, որ ուժի կիրառումը պիտի դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ, իսկ հաստատուած սահմաններու (status quo) ուժային փոփոխութիւնը չի հանդուրժուի։ Հիմա ճիշդ ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը ապացուցէ, որ կ՝արժեւորէ սեփական խօսքերն ու սկզբունքները։

Տիկնայք եւ պարոնայք, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արիւնահոսող հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի։ Անիկա չի կրնար տեւել դարեր շարունակ եւ աւելի շատ մահերու ու տառապանքներու պատճառ դառնալ: Պէտք է հաստատուի կայուն խաղաղութիւն, սակայն խաղաղութիւնը առանց արդարութեան պարզապէս զինադադար է, ժամանակաւոր զինադադար։ Տեւական խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ արդարութեան եւ արդարութեան վրայ: Արդարութիւնն ու արդարութիւնը կը պահանջեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին քաղաքական իրաւունքները ըլլան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման առանցքը։

Շնորհակալութիւն»։