ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Եւրոպական Շարք Մը Պետութիւններու Ղեկավարներու Հետ Հանդիպման Ընթացքին Շեշտած են Արցախահայութեան Իրաւունքներուն Լիակատար Պաշտպանութեան Առաջնահերթութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Նոյեմբեր 10-11, Սպանիոյ սոցիալիստ աշխատաւորներու կուսակցութեան հիւրընկալմամբ, Մալագայի մէջ գումարուած է Եւրոպայի սոցիալիստներու կուսակցութեան (Party of European Socialists-PES) քոնկրեսը։ Քոնկրեսը այդ խոշոր միածուսակցական կազմակերպութեան գլխաւոր ժողովն է, որ կը ճշդէ կազմակերպութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները, գործունէութեան ուղենիշները, կ՝ընտրէ նոր ղեկավարութիւն։ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ դիտորդ անդամ, PES-ին կ՝անդամակցի 2015 թուականէն։ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէին Սոցիալիստական ինթերնացիոնալի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Կիպրոսի յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Գազանճեանը։

ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը աշխոյժ կերպով մասնակցած է Քոնկրեսի աշխատանքներուն, որուն ծիրէն ներս ունեցած է շուրջ երկու տասնեակի հասնող հանդիպում-քննարկումներ՝ ներառեալ եւրոպական շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու, արտաքին գործոց նախարարներու եւ Եւրոպական խորհրդարանի սոցիալիստ պատգամաւորներու հետ։

Հանդիպումներուն ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, հաշուի առնելով Արցախեան հիմնախնդրի ներկայ հանգրուանին ստեղծուած իրավիճակը, կարեւոր համարած են արցախահայութեան իրաւունքներու լիակատար պաշտպանութեան, միջազգային գործուն մեքենականութիւններու կիրառմամբ անոնց վերադարձի իրաւունքի ապահովման, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, հակամարտութեան համապարփակ եւ արդար կարգաւորման անհրաժեշտութեան, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ազրպէյճանական ուժերու դուրսբերման ու ազրպէյճանական յետագայ ռազմական սադրանքներու կանխման, ինչպէս նաեւ իրագործուած ցեղասպան գործողութիւններու, մարդկութեան հանդէպ յանցագործութիւններու եւ ցեղական զտման համար ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հանդէպ թիրախային պատժամիջոցներու կիրառման ու անոնց միջազգային քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու քաղաքական առաջնահերթութիւնները։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս Հայ Դատի յանձնախմբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցի միջոցով, այնպէս ալ կուսակցութեան միջազգային յարաբերութիւններու ողջ կարողականութեամբ պիտի շարունակէ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու շահերի պաշտպանութեան աշխատանքները։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ