
«Արցախը եւ Մենք»՝ Համազգայինի Մարսէյի Քուրանտարի Կազմակերպած Երեկոն
Կազմակերպութեամբ Մարսէյի Համազգայինի Courants d’Art գեղարուեստի դպրոցի վարչութեան, Կիրակի, 5 Նոյեմբերի երեկոյեան, L’acte 12 սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մասին զեկուցում զրոյց մը։

Զեկուցաբերներն էին` Եւրոպայի Հայ Դատի Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Անահիտ Յակոբեան եւ հեռակայ կապով` Արցախի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գեւ Իսկաճեան։

Ձեռնարկի աւարտին բեմ բարձրացան Համազգայինի youth links_ի մասնակից ուսանողները եւ իրենց պարուսոյցին ու ներկաներուն հետ ներկայացուցին հայկական շուրջպար մը, փոխանցելով հայուն` ապրելու, գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու կամքն ու վճռականութիւնը։