Նոյեմբեր 1-էն Բռնի Տեղահանուածներուն Մէկ Մասը Պիտի Չստանայ 40,000+10,000 Դրամ Աջակցութիւնը

Հայաստան

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներուն մէկ մասը Նոյեմբեր 1-էն այլեւս պիտի չհանդիսանայ «40,000+10,000» աջակցութեան ծրագիրին շահառու, քանի որ Նոյեմբեր 1-էն այդ ծրագիրը պիտի տրամադրուի նոր պայմաններով։ Այս մասին, այսօր, Հոկտեմբեր 31-ին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ նշեց ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Աննա Ժամակոչեան։

«Յաջորդ ամսունէ շահառու չեն հանդիսանար բոլոր այն մարդիկ, որոնց կեցութիւնը կ՝ապահովուի կամ կը շարունակէ ապահովուիլ պետական միջոցներով։ Մասնաւորապէս բնակչութեան հասարակական պաշտպանութեան հաստատութիւններու կամ պետական համայնքային սեփականութիւն հանդիսացող տարածքներու եւ հիւրանոցներու մէջ մնացող մարդոց համար աջակցութիւնն այլեւս չի գործեր»,- ըսաւ ան:

Իսկ անոնք, որոնք կը շարունակեն օգտուիլ ծրագիրէն, Նոյեմբերէն պէտք է մէկանգամեայ առցանց դիմում լրացնեն` ներկայացնելով անձնական տուեալները, նոյն հասցէին մէջ բնակողներուն անձնական տուեալները, բնակութեան հասցէն, ելեկտրոնային փոստը, բջիջային հեռախօսահամարը, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան ապոնեմենտի համարը։

Անչափահասներու պարագային անհրաժեշտ է նաեւ երեխայի ծննդեան վկայականի կամ խնամակալութեան (հոգաբարձութեան) մասին հաւաստող փաստաթուղթի լուսապատճէններ կցել։

Ժամակոչեանը շեշտեց` եթէ դիմումը մերժուի, ուրեմն հարկ պիտի ըլլայ նաեւ յաջորդ անգամուան համար նորը լրացնել։

ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մամուլի խօսնակ Զառա Մանուչարեան, իր հերթին, ընդգծեց, որ մէկ շաբթուան մէջ «40,000+10,000 դրամ աջակցութիւն» ծրագիրէն օգտուած է 73,196 քաղաքացի, որմէ 69,199-ը ստացած են 40,000+10,000 դրամները, իսկ 3997 քաղաքացի ալ ստացած է միայն 10,000 դրամի օգնութիւն։

Ան նաեւ նշեց, որ ընկերային աջակցութիւն ստացող շահառուներուն շրջանակը ընդլայնուած է։

«Այսուհետեւ 100,000 դրամ միանուագ աջակցութեան ծրագիրէն կը կարենան օգտուիլ նաեւ Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով ՀՀ մուտք գործած այն քաղաքացիները, որոնք այստեղ եկած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ»,- ըսաւ Մանուչարեան` նշելով, որ անոնք կ՝օգտուէին միայն «40,000+10,000 դրամ աջակցութեան» ծրագիրէն։

Յիշեցնենք` Հոկտեմբեր 30-ին ՀՀ վարչապետ նիկոլ փաշինեանը յայտարարեց, որ շուրջ 100,000 քաղաքացի արդէն ստացած են 100,000 դրամի միանուագ աջակցութիւնը, եւ անոնցմէ աւելի քան 25,000-ը երեխաներ են։ Բնակարանի վարձակալութեան համար 40,000 դրամ, իսկ ել․-կազ-ջուր ծախսերուն համար 10,000 դրամ աջակցութեան ծրագիրօն օգտուած է 41,610 քաղաքացի։ 2700 քաղաքացիի վճարուած է միայն ել․-կազ-ջուր ծախսերու համար նախատեսուած 10,000 դրամը, քանի որ անոնք Հայաստանի մէջ բնակարան ունին։