
Մոսկուայի Մէջ Իրականացուած Բարեգործական Վարպետութեան Դասին Հասոյթը Պիտի Ուղղուի Արցախցի Ընտանիքի Օգնութեան
Հոկտեմբեր 22-ին եւ 27-ին Ռուսիոյ հայերու միութեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է բարեգործական վարպետութեան դաս, որ կազմակերպած էր Մոսկուայի պետական իրաւաբանական համալսարանի ուսանողական համայնքը։
Alphanews.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին մասնակիցները կտաւի վրայ պատկերած են Արցախի տեսարժան վայրերն ու բնապատկերները։ Վաճառքին զամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Արցախէն բռնի տեղահանուած կարիքաւոր ընտանիքին։
Վարպետութեան դասը կազմակերպուած էր նկարչուհի Անգելինա Վարդանեանի հետ համատեղ։



