
Գոյներու Գուսանը
Ամառը անցաւ, մտանք աշուն, ապրելու Նշան Տէր Գալուստեանի գեղանկարներէն մէկուն մէջ` հարուստ աշնան գոյներով:
Կան անոնք, որոնք կ’երթան, կը մոռնան, ուրիշներ, որոնք ժամանակ չունին մտածելու անցեալին ու արմատներուն մասին, անոնք` օրուան հազարումէկ հոգերով տարուած, կ’ապրին իրենց ներկան սփիւռքի զանազան անկիւնները:
Եւ ահաւասիկ կայ Նշան Տէր Գալուստեան գեղանկարիչը, որ կը տասնեակ տարիներ ետք կը վերադառնայ գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսով մը, իր պաստառներու երանգներով ճոխացնելու 2023-ի Մուսա Լերան հերոսամարտի ու խաչի զոյգ տօները:
Նշան Տէր Գալուստեանը ծնած է Պէյրութ, մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրած է Այնճար, ապա յաճախած եւ աւարտած Հայկազեան ու Պէյրութի ամերիկեան համալսարանները: Դասաւանդած է թուաբանութիւն եւ բնագիտութիւն Լիբանանի երկրորդական վարժարաններու մէջ:
1978-ին ընտանեօք փոխադրուած են Միացեալ Նահանգներ, ուր այսօր, Ֆրեզնոյի մէջ եռանդուն մասնակից է հայ համայնքի միութենական աշխատանքներուն` զուգահեռ իր գեղանկարչական ստեղծագործական երթին:
Փոքր տարիքէն ցուցաբերած է սէր արուեստի հանդէպ եւ շրջապատին ուշադրութիւնը գրաւած իր տաղանդով: Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ տուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ: Իր ստեղծագործական սկզբնական ժամանակաշրջանը ապրած ըլլալով Այնճար, իր արուեստին վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած է զինք շրջապատող բնութիւնն ու հոն ապրող ու գործող մշակն ու գիւղացին` իրենց աւանդութիւններով ու ամէնօրեայ կենցաղով:
Հինգշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Այնճարի մէջ բացումը կատարուեցաւ Նշան Տէր Գալուստեանի «Գիւղի մը վերածնունդը» վերնագիրը կրող նկարչական գործերու ցուցահանդէսին` կազմակերպութեամբ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:
Պաստառները կը պատմէին ժողովուրդի առօրեայ կեանքին, աշխատանքին, գիւղացիին ցանքին, հնձելուն, բերքահաւաքին, կալին, պաթուզին, լերան ու դաշտին, ծառին ու գետին մասին:
Երբեմն տպաւորապաշտ, երբեմն իրապաշտ, նաեւ պարզ, անմեղունակ իր ոճով:
Նշան Տէր Գալուստեանը կը պատմէ այն, ինչ Արշիլ Կորքին պատմած է վերացական արտայայտապաշտ ոճով: Անցեալը, մանկութեան յիշատակները, ծննդավայրը…
Ցուցահանդէսին ներկայ էր հոծ բազմութիւն, հոգեւոր հայրեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստասէր այնճարցիներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարչութեան ատենապետ Նաթալի Քէնտիրճեան: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Ծիրանին, որ բարձր գնահատեց Նշան Տէր Գալուստեանի արուեստի գեղանկարչական արժէքը, հարազատութիւնն ու անկեղծութիւնը: Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց նկարիչը:
Ջերմ երեկոյ մըն էր, ներկաները` խմբուած նկարներուն դիմաց, կը յիշէին, կը մատնանշէին, կը պատմէին…
Երեկոն ստացաւ յաւելեալ հմայք` Սագօ եւ Շահէ Աւագեաններու ջութակի երաժշտական կատարումներով:
Ցուցահանդէսը կազմակերպող Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ գեղանկարիչին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ու աշխատեցան ի խնդիր ցուցահանդէսի յաջողութեան` Նշան Տէր Գալուստեան գեղանկարիչին, մաղթելով, որ վրձինը ըլլայ միշտ թաց:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ