Արցախ Կրնա՞յ Ռուսեւամերիկեան Շահերու Բախման Կիզակէտ Ըլլալ
Ա. Ա.
Հարաւային Կովկաս եւ Ռուսիա այցելութիւնը, զոր կատարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն լուսարձակի տակ բերաւ ամերիկեան քաղաքականութիւնը` տարածաշրջանին մէջ, ուր յստակ է, որ ռուսեւամերիկեան շահերու բախում կայ, ինչ կը վերաբերի Վրաստանի հողային ամբողջականութեան, անոր` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, Իրանի նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքներուն եւ, ընդհանրապէս, ամբողջ շրջանին մէջ ազդեցութեան գօտիի ստեղծման հնարաւորութիւններու եւ պատկերացումներու:
Ազրպէյճանէն Հայաստան անցնելով` Պոլթըն յստակացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, ի շարս այլ խնդիրներու եւ հարցերու, բաւական լուրջ քննարկումներու ենթարկուած է Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին, ուր նաեւ Ալիեւ Պոլթընի ներկայացուցած է իր պատկերացումները` Արցախի տագնապի լուծման կարելիութիւններուն մասին: «Արցախի տագնապին լուծումը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի», յայտարարեց Պոլթըն Պաքուի մէջ եւ շեշտեց, որ խաղաղութիւնը թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի համար կարեւոր է:
Բնականաբար Պաքուի մէջ խօսակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ ազրպէյճանական քարիւղին եւ բնական կազին շահարկման թղթածրարները, որոնք առաւել կը կարեւորեն Ազրպէյճանը` նկատի ունենալով ուժանիւթի աղբիւրներու ազրպէյճանական հանքերուն շահաւէտութիւնը:
Իսկ Երեւանի մէջ Պոլթընի խօսակցութիւնները աւելի բազմաբնոյթ եղան` ընդգրկելով թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ժողովրդավարութեան ամրապնդման հնարաւորութիւնները, ռուսական զէնքի գնման կապուած ամերիկեան պատկերացումները, Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի դերակատարութիւնը` իբրեւ Իրանի սահմանակից պետութիւն մը եւ այլ խնդիրներ, որոնք կը գտնուին ամերիկեան օրակարգին վրայ: «Միացեալ Նահանգներ, նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարձր առաջնահերթութիւն մը կը համարեն», յայտարարեց Պոլթըն եւ բացայայտեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հետ արծարծած է նոյնիսկ ռուսական զէնքերու գնման խնդիրը` խորհուրդ տալով, որ Երեւան չկաշկանդուի պատմական կաղապարներով եւ դիմէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու` զէնք ստանալու համար: «Փաշինեանին ըսի, որ ամերիկեան զէնքին որակը շատ աւելի լաւ է ռուսականէն», նշեց Պոլթըն` «Ազատութիւն» կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Երեւանի մէջ տրուած հարցազրոյցի մը մէջ Պոլթըն անդրադարձաւ Արցախի տագնապի լուծման հեռանկարներուն եւ շեշտեց, որ տագնապին լուծումը, ըստ Միացեալ Նահանգներուն, պէտք է ըլլայ ընդունելի երկու կողմերուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համար:
Սակայն Պոլթընի ամէնէն ուշագրաւ յայտարարութիւնը կը վերաբերէր Արցախի տագնապի լուծման մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան վերապահուած դերակատարութեան: Ան շեշտեց, որ Փաշինեանի յաղթանակին բարձր հաւանականութիւնը` խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն, անոր պիտի տայ օրինականութեան ուժը, որպէսզի առնէ անհրաժեշտ քայլերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու համար:
Թէ ի՛նչ են այդ «անհրաժեշտ քայլերը», որոնց մասին խօսեցաւ Պոլթըն, յստակ չէ: Սակայն տողատակի տպաւորութիւնը բաւական յստակ էր: Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գալու պարագային, Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը կրնայ ունենալ բնակչութեան մեծ մասին կողմէ իրեն տրուած իրաւասութիւնը` ճակատագրական խնդիրներու մէջ կենսական կեցուածքներ ճշդելու եւ քայլերու դիմելու: Եւ գաղտնիք մը չէ, որ Արցախի տագնապն ալ այդ ճակատագրական խնդիրներուն ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ:
Իսկ Պաքուէն արձակուած յայտարարութիւնը, թէ` Արցախի տագնապին լուծումը երկու կողմերուն համար ալ ընդունելի պէտք է ըլլայ, դասական կեցուածք մըն էր, որ ալ սկսած է կորսնցնել խնդրին էութեան հետ իր այժմէականութիւնը, որովհետեւ երկու կողմերուն կեցուածքներուն մէջ կտրուկ տարբերութիւններ կան, եւ որոնք կը չքացնեն երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծման մը տարազը: Ազրպէյճան ոչ մէկ պարագայի համաձայն է, որ Արցախ անկախ պետութիւն մը դառնայ, միշտ պնդելով, որ տարածքը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս կը կազմէ, եւ իբրեւ այդպիսին` պէտք է ազրպէյճանական իշխանութեան տակ մտնէ: Հայկական կողմին համար նման բան անկարելի է, որովհետեւ Արցախի հայութիւնը, լաւագոյնս օգտագործելով Միջազգային օրէնքի ինքնորոշման իրաւունքի ուժը, վճռեց իր ճակատագիրը եւ ազատագրեց հայրենի հողը ազրպէյճանական լուծէն: Այսինքն ոչ մէկ պարագայի վերադարձ` ազրպէյճանական իշխանութեան տակ:
Հայկական այս վճռական եւ արդար իրաւունքին եւ ազրպէյճանական անարդար պնդումներուն միջեւ ի մտի պէտք է ունենալ նաեւ վերջերս Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաքէն` Ստեփանակերտէն շեշտուած բաւական նշանակալից կեցուածք մը, թէ` արցախահայութեան համար Մատրիտեան սկզբունքներ այլեւս գոյութիւն չունին: Այսինքն տագնապին լուծման համար «Հող` խաղաղութեան փոխարէն» տարազը մերժելի է, որովհետեւ արցախցիները ոչ թէ ազրպէյճանական տարածքներ գրաւած են, այլ իրենց հայրենիքը ազատագրած են:
Հիմա կը մնայ սպասել` իմանալու համար թէ Պոլթըն ի՛նչ նկատի ունէր, երբ յայտարարեց, որ Փաշինեանը կրնայ ունենալ ուժեղ իրաւասութիւն մը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ քայլերու դիմելու համար: Եւ ասիկա` Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսեւամերիկեան շահերու բախման ընդհանուր խորապատկերի մը վրայ, ուր ռուսական գործօնը չափազանց կարեւոր է:
