Չեխիոյ Ծերակոյտը Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Հանդէպ Բոլոր Տեսակի Բռնութիւնները Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած է

Աշխարհ, Հայաստան

Չեխիոյ Ծերակոյտը Հոկտեմբեր 18-ին բանաձեւ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու մարդասիրական կարիքներուն եւ իրավիճակի նվերաբերեալ, որ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան հանդէպ բռնութեան բոլոր ձեւերը եւ կոչ կ՝ընէ հակամարտութեան բոլոր կողմերուն յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հիմնական չափանիշները։ Այս մասին կը յայտնեն Չեխիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութենէն։

Բանաձեւը կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանին թոյլ տալու միջազգային դիտորդներուն մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ՝ տեղի բնակչութեան հանդէպ վերաբերմունքը վերահսկելու համար, կոչ կ՝ընէ բոլոր ներգրաւուած կողմերուն զերծ մնալու Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ գտնուող մշակութային եւ պատմական յուշարձանները վնասելէ եւ պահպանելու համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւնը։

Ծերակուտականները կ՝ընդգծեն տարածաշրջանի տուժած մարդոց մարդասիրական օգնութեան եւ աջակցութեան տրամադրման կարեւորութիւնը, կոչ կ՝ընեն Չեխիոյ կառավարութեան իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ պատրաստ ըլլալու օգնութիւն ցուցաբերելու, յատկապէս առաւել խոցելի խումբերուն, ինչպէս՝ երեխայ ունեցող մայրերը եւ առանց ուղեկցութեան երեխաները: