
Դաւիթ Իշխանեանը 2 Անգամ Կապ Հաստատած է Ընտանիքի Հետ
պաքուի մէջ գերութեամբ պահուող Արցախի ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը արդէն 2 անգամ կապ հաստատած է Երեւանի մէջ գտնուող իր ընտանիքին հետ։ Այս մասին, ըստ MediaHub-ի, յայտնած են անոր ընտանիքի անդամները։
Որդին՝ Արմէնը ըսած է, որ կապի ընթացքին հայրը հաւաստիացուցած է, որ լաւ է։ Իսկ օրեր առաջ ՄԻԵԴ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչին միջոցով լուսանկարներ ու բժշկական տուեալներ փոխանցած են ընտանիքին։
Արմէնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ ընտանիքը չի կորսնցներ Դաւիթ Իշխանեանի վերադարձի մասով լաւատեսութիւնը։
Նշենք, որ Արցախի նախկին նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ, Հոկտեմբեր 3-ին Ստեփանակերտէն ապօրինի ձերբակալուած ու պաքու տեղափոխուած էր նաեւ Դաւիթ Իշխանեանը, որ ԱԺ նախագահի պաշտօնը ստաձնած էր 2023 թուականի Օգոստոս 7-ին։