Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիկ Նուագախումբը Կը Միանայ UNICEF-ին՝ Ապահովելու Արցախցի Երեխաներու Առաջնային Կարիքները

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը կը միանայ UNICEF-ին՝ արցախցի երեխաներու առաջնային կարիքներու ապահովման նպատակով:

Յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի համերգներու տոմսերը կը վաճառուին նուազագոյն արժէքով՝ բոլորը քաջալերելով յաճախել համերգներուն եւ նուագախումբին հետ տեղւոյն վրայ կատարել հանգանակութիւններ կանխիկ ու անկանխիկ եղանակներով։

Այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս նուագախումբի ունկնդիրներուն, գործընկերներուն եւ բոլոր բարեկամներուն հնարավորութիւն պիտի ընձեռուի իրենց նուիրատուութիւններով հոգալու արցախցի երեխաներու ամենաառաջնային կարիքները եւ նպաստելու անոնց մատուցուող ընկերային-հոգեբանական, առողջապահական, երեխաներու պաշտպանութեան, վաղ մանկական կրթական եւ այլ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը:

«Այսօր կարեւոր է իւրաքանչիւրիս ներդրումը։ Միասի՛ն օգնենք արցախցի երեխաներուն»։