
ԱՄՆ-ն Պէտք է Մեծցնէ ԼՂ Փախստականներուն Տրամադրուող Մարդասիրական Օգնութեան Չափը. ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA)-ն հրապարակած է իրենց կողմէ տարուող հայ-ամերիկեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները.
1) Դադրեցնել ազրպէյճանական ներխուժումը Հայաստան
2) Արցախ վերադառնալու ապահով իրաւունքի երաշխաւորում
3) Երկարաժամկէտ օգնութիւն ուղարկել ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն։
Առաւել մանրամասն անդրադառնալով պահանջներուն՝ ANCA-ն եւ անոր գործընկերները կոչ կ՝ընեն Քոնկրեսի անդամներուն ընդունելու օրէնսդրութիւն եւ նպաստելու վարչակազմի քաղաքականութեան, ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղական զտումներու եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժման սպառնալիքներու գետնի վրայ աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին եւ Արցախին (Լեռնային Ղարաբաղ)։
ազրպէյճանական յետագայ յարձակումներու կանխարգիլում. Միացեալ Նահանգները պէտք է անյապաղ գործէ վերջ դնել ազրպէյճանի կողմէ հարաւային Հայաստանի շրջաններու գրաւումը եւ կանխէ Հայաստան ներխուժելու կամ դէպի թուրքիա այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» բռնի կերպով հաստատելու ցանկացած փորձ՝ ընելով հետեւեալը. կիրառել ազրպէյճանին ռազմական օգնութիւն ցուցաբերելու կանոնադրական արգելքները՝ ապահովելու համար, որ ազրպէյճանը չպրգեւատրուի իր յարձակումներուն համար:
Պատժամիջոցներ սահմանել ազրպէյճանի պաշտօնեաներուն եւ զօրամիաւորումներուն հանդէպ, որոնք մեղաւոր են պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն մէջ:
Հետաքննել արցախահայութեան դէմ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած մարդու իրաւունքներու լայնօրէն փաստագրուած խախտումները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները։
Միանան եւրոպական եւ գանատացի գործընկերներուն՝ աջակցելու Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան Հարաւային Հայաստանի մէջ՝ անձնակազմով, նիւթաճարտարագիտական աջակցութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ։
Ստեղծել ԱՄՆ մշտական դիւանագիտական ներկայութիւն Հարաւային Հայաստանի մէջ՝ ազրպէյճանի յարձակման սպառնալիքներու պարագային Հայաստանի ինքնիշխանութեան աջակցութիւն ցոյց տալու համար։
Աջակցութիւն Արցախի հայերու վերադարձի իրաւունքին. Միացեալ Նահանգները պէտք է նիւթապէս աջակցի հայերու վերադարձի իրաւունքին՝ Արցախի մէջ՝ անոնց իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ամուր միջազգային երաշխիքներով՝ միջազգային մշտական խաղաղապահ ներկայութեան հովանիին տակ։
Աջակցիլ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւի ընդունման, որ կը հաստատէ Արցախի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական դիտորդական եւ խաղաղապահ ներկայութիւն, որ կ՝ապահովէ հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, որոնք կը ձգտին վերադառնալ իրենց տուները:
Տրամադրել ԱՄՆ-ի հզօր մարդասիրական, բնակարանային եւ զարգացման աջակցութիւն՝ նիւթապէս աջակցելու արցախցի հայ ընտանիքներուն, որոնք կը ձգտին վերադառնալ իրենց տուները։
Ապահովել հայ ռազմագերիներու (գերիներու) եւ քաղբանտարկեալներու ազատ արձակումը, որոնք ներկայիս ապօրինի կը պահուին ազրպէյճանի կողմէ։
Ապահովել նիւթական փոխհատուցում եւ հատուցում ազրպէյճանէն բռնի տեղահանուած եւ իրենց տուները վերադառնալ չկրցող հայերուն համար:
Ապահովել, մշակութային պահպանողներու եւ այլոց անարգել մուտքը ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրեր՝ ապահովելու համար Արցախի հինաւուրց քրիստոնէական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը յետագայ պղծման գործողութիւններէն։
Աջակցութիւն Արցախի փախստականներուն իմաստալից մարդասիրական օգնութեան. Միացեալ Նահանգները պէտք է էապէս մեծցնէ տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան չափը ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղական զտումներուն հետեւանքով փախստականներու սուր ճգնաժամը յաղթահարելու համար։
Տրամադրել յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն Արցախէն բռնագաղթուած հայ փախստականներու բնակարանային եւ վերաբնակեցման, պարէնային ապահովութեան, տնտեսական զարգացման, հոգեբանական-ընկերային օգնութեան եւ այլ կարիքներու բաւարարման համար՝ աջակցելով միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններուն եւ համայնքի ղեկավարած կազմակերպութիւններուն։