
«Հայարտուն» Կեդրոնին Մէջ՝ Արցախահայութեան Օգնութեան Կեդրոն. Վրաստանի Հայ Համայնք
Սիրելի հայրենակիցներ,
թիֆլիսահայութիւնը սրտի ցաւով կ՝ընդունի վերջին օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, եւ իր օգնութեան ձեռքը կ՝ուղղէ բռնի տեղահանուած Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: Թիֆլիսահայութեան նախաձեռնութեամբ եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ, «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ կը կազմակերպուի արցախահայութեան օգնութեան կեդրոն:
Կոչ կ՝ընենք բոլորին՝ օգնութեան իրենց մասնակցութիւնը կատարելու դրամական ձեւով, ինչպէս նաեւ նոր, չօգտագործուած մանկական ձմեռմային հագուստ նուիրաբերելով նորածիններէն մինչեւ 14 տարեկան երեխաներու համար:
Օգնութեան կեդրոնը կը գործէ «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ՝ ամէն օր՝ 10:00 – 18:00 ժամերուն: Միջոցառումը շարունակական պիտի ըլլայ:
Հարցերու պարագային զանգահարել Եւգենիա Մարկոսեանին՝ հեռ. 593 13 43 09,
Լեւոն Չիդիլեանին՝ հեռ. 599 19 78 25
Կամ Արթուր Միրզոյեանին՝ հեռ. 558 18 58 02
Հասցէ՝ ք. Թիֆլիս, Արմազի փ. 18, հեռ. 254-64-11
Վրաստանի հայ համայնք