
Ստեփանակերտ. Մարդիկ Վերջին Պահածոները Դուրսը Ձգած Են, Որ Պէտք Ունեցողը Վերցնէ. Կամաւորները Հաց Կը Թխեն
Արցախցի bloger Նինելը, որ դեռ կը շարունակէ մնալ Ստեփանակերտի մէջ, ներկայացուցած է Արցախի մայրաքաղաքի այսօրուան կեանքը։
Ստեփանակերտի մէկ հատուածին մէջ մարդիկ իրենց տան վերջին պահածոն դրած են փողոց, որ որուն պէտք է՝ գայ վերցնէ, միւսը դդում դրած է, այլ արցախցի մը՝ նպարեղէն։