
Ստեփանակերտի Պենզալցակայաններէն Մէկուն Մէջ Պայթիւն Եղած է. Կան Զոհեր եւ Վիրաւորներ
Այսօր երեկոյեան ժամերուն պայթիւն տեղի ունեցած Ստեփանակերտի մօտ՝ Հայկազովի պենզալցակայաններէն մէկուն մէջ։ Այս տեղեկութիւնը հաստատեց Արցախի ԱԺ պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեանը։
MediaHub-ի տեղեկութիւններով՝ պայթիւնին հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Լցակայանին մէջ պայթած է պենզինով ցիստերնը: Ասիկա այն ցիստերն է, ուրկէ մարդոց պէտք է պենզին տրամադրէին Հայաստան տեղահանուելու համար: Տարածքին մէջ կային տասնեակ մարդիկ, որոնք կը սպասէին իրենց հերթին։