Միութիւն Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Կազմակերպութեան թուրք Անդամները Միջազգային Հանրութենէն Կը Պահանջեն Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանկֆորտի մէջ արդէն 25 տարի անընդմէջ գործող Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան թուրք եւ քիւրտ անդամները միջազգային հանրութենէն կը պահանջեն շտապ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ յարգել արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը։ Կազմակերպութեան Facebook-ի էջին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ անոնք նաեւ շեշտած են, որ Արցախի 120 հազար հայերը կրկին ցեղասպանուելու վտանգի տակ են։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը։

«Գերմանիոյ, Եւրոպայի, համայն աշխարհի մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն, հաստատութիւններուն, խորհրդարաններուն եւ կառավարութիւններուն ուղղուած հրատապ կոչ․

Կանգնեցուցէ՛ք ազրպէյճան պետութեան՝ Արցախի բնակչութեան հանդէպ սկսած ցեղական ոչնչացման արշաւը․․․

Զուտ հանդիսատես մի՛ մնաք տասնեակ հազարաւոր մարդոց՝ դարձեալ ցեղասպանութեան ենթարկուելուն ժամանակ։

9 ամիս է, որ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) եւ Հայաստանի միջեւ ճանապարհը աւազակաբար շրջափակուած է, մանուկ թէ պատանի, ծեր թէ հիւանդ՝ տասնեակ հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ դատապարտուած են սովի, ցրտահարութեան ու հիւանդութիւններու եւ զրկուած՝ կեանքի գոյատեւման անհրաժեշտ միջոցներէն։ Այս մարդկային ողբերգութեան հեղինակ ազրպէյճան պետութիւնը հիմա ալ կը ռմբակոծէ Ստեփանակերտ քաղաքը եւ խաղաղ բնակչութեան կը հարկադրէ արտագաղթել այնտեղէն։

Շրջափակման հետեւանքով լիովին սովահարութեան ենթարկուած, սնունդէ եւ կենսական միջոցներէ զրկուած 120 հազար հոգի, որոնց մէջ կը գտնուին 30 հազար երեխայ, 2 հազար յղի կին, 20 հազար տարեց, ներկայ պահուն, 2023 թ․ Սեպտեմբեր 19-էն սկսեալ կ՝ենթարկուի ազրպէյճանի զինուած ուժերու իրականացուցած լայնածաւալ ահաբեկչական յարձակման։ Ասիկա ազրպէյճանի կողմէ օրը ցերեկով իրականացուող ցեղական զտում եւ ցեղասպանութիւն է։

Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը անբարենպաստ եղանակային պայմաններու մէջ կը շարունակէ ապրիլ նկուղներու մէջ՝ առանց ելեկտրականութեան, հաղորդակցման միջոցներու, առանց սնունդի եւ ջեռուցման հնարաւորութեան։ ազրպէյճանի օդուժը, ԱԹՍ-ներ եւ այլ միջոցներ կիրառելով, կը շարունակէ թիրախ դարձնել քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ եւ խաղաղ բնակիչներ։ Ներկայ պահուն Արցախի ժողովուրդի խաղաղ բնակավայրերը անխտիր կը ռմբակոծուին։ Ատիկա ազրպէյճանի վարչաձեւին վայրենութիւնն է։

Հայ ժողովուրդի գոյութիւնը 108 տարի անց սպառնալիքի տակ է նոյն յանցագործներուն կողմէ․․․ Բազմաթիւ եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններ, ինչպէս՝ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ պետութիւններու, նաեւ՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու, ներառեալ՝ Ամերիկայի օրէնսդիր մարմինները 1915 թ․ հայ ժողովուրդի ենթարկուած մեծ ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող որոշումներ ընդունած են։ Նման որոշումները յոյս կը ներշնչէին, որ ցեղասպանութեան սպառնալիքներ այլեւս չեն ըլլար, վէրքերուն վրայ սպեղանի կը դրուի, եւ արդարութիւնը կը վերականգնուի։

Մինչդեռ այսօր թուրքիան եւ ազրպէյճանը, իրենց համատեղ քաղաքական եւ ռազմական ռազմավարութեան հաւատարիմ մնալով, կ՝օգտուին ամէն տեսակի առիթէ ու հնարաւորութիւններէ, որպէսզի տարածաշրջանին մէջ շարունակեն 1915 թ․ Ցեղասպանութիւնը եւ հայազրկեն այդ հողերը։

Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրները մարդկային մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնած են սպառնալիքի տակ գտնուող այս ազգին գոյութիւնը պահպանելու համար։ Միջազգային հանրութիւնը պէ՛տք է շտապ գործի անցնի՝ մարդկայնութեան դէմ իրականացուող այս յանցագործութիւնը կանգնեցնելու համար։

Արցախի մէջ առկայ է բնակչութեան դրութեան մասին անտեղեակութիւն, քանի որ անոնք զրկուած են կայուն հաղորդակցման միջոցներէ ու վառելիքէ։ Այնտեղ պէտք է հապշտապ միջազգային խաղարարար ուժեր ու դիտորդներ ուղարկուին, եւ արագ օդային կամուրջ ստեղծուի բնակչութեան անընդմէջ ու կայուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար։

Պէտք է յարգանք ցուցաբերել Արցախի բնակչութեան ինքնավարութեան եւ սեփական ղեկավարները նշանակելու իրաւունքին հանդէպ։ Պէտք է շտապ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ զայն վերցնել միջազգային պաշտպանութեան տակ»։

Միութիւն ընդդէմ Ցեղասպանութեան կազմակերպութիւն / Ֆրանկֆորտ

Թարգմանեց Մելինէ Անումեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Akunq.net