Արցախի Մէջ Պաշտպանութեան Բանակի Սպառազինութիւնները Յանձնելու Գործընթացը Սկսած է

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մէջ սկսած է Պաշտպանութեան բանակի սպառազինութիւնները յանձնելու գործընթացը։ Այս մասին կը յայտնէ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի Telegram-եան ալիքը։

«Ի կատարումն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած ռազմական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութիւններուն՝ սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու զէնքի եւ զինամթերքի յանձնումը ՝ ռուս զինծառայողներու հսկողութեան ներքոյ։ Բացի այդ, Ղարաբաղի զինուած ուժերը կը լքեն իրենց դիրքերը՝ Եւլախի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն ծիրէն ներս։ Մինչ օրս յանձնուած է աւելի քան 800 հրազէն, նռնակ, ականանետ, հակահրասայլային կառավարուող հրթիռ եւ շարժական զենիթահրթիռային համալիր»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։