ՀՀ Վարչապետի` Արցախի Հանրապետութիւնը ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան Կազմին Մէջ Ճանչնալու Խօսքով Արտայայտուած Գործողութիւնը Ճանչնալ Ոչ Իրաւաչափ․ Փաստաբաններ

Հայաստան

ՀՀ փաստաբաններու պալատի նախկին նախագահ Արա Զոհրաբեանն ու Արցախի Հանրապետութեան փաստաբաններու պալատի նախագահ Էրիկ Բեգլարեանը երէկ համատեղ հայց ներկայացուցած են վարչական դատարան` ընդդէմ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Այս մասին Օգոստոս 3-ին հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Արա Զոհրաբեան:

«Վարչական դատարանէն խնդրած ենք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Արցախի Հանրապետութիւնը ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան կազմին մէջ ճանչնալու խօսքով արտայայտուած գործողութիւնը ճանչնալ ոչ իրաւաչափ։ Երկրորդը` որպէս հետեւանքներու վերացման ածանցեալ պահանջ` արգիլել ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` կատարելու Արցախի Հանրապետութիւնը ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու որեւէ գործողութիւն, ներառեալ` փաստաթուղթ ստորագրելու»,- ըսաւ Զոհրաբեանը։