Լիզպոնի Գործողութեան 40-ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ Երեւանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ Յուլիս 27-ին տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ։ Ցուցադրուեցաւ նաեւ Ֆիլմ՝ նուիրուած հինգ նահատակ հերոսներուն:

Ելոյթ ունեցան ՀՅԴ անդամ Սիմոն Գաֆալեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, Խաչատուր Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ-ի Համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսըր Խաչատուր Ստեփանեան, ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Սեւակ Նազարեան:

Ձեռնարկին ուղեկցուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

arfd.am