
«Անմահների Ժամանակը» Վաւերագրական Ժապաւէնը Լիբանանի Մէջ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին հրաւէրով, երէկ` Երեքշաբթի, 25 Յուլիսին, Լիբանան հասաւ հայրենի բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեան: Թադէոսեան հեղինակն է Պռօշեան համայնքի քսան զոհուած կամաւորներու սխրանքը ներկայացնող «Անմահների ժամանակը» վաւերագրական ժապաւէնին, որուն ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 28 Յուլիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։
Ժապաւէնը կը ներկայացնէ «Կամաւորական շարժում» գումարտակի երկրորդ վաշտի առաջին դասակի մարտիկները, որոնք 44-օրեայ պատերազմին Վարանգաթաղի մարտագիծին վրայ բացառիկ սխրանքով կասեցուցին ազրպէյճանցի գրոհայիններու լայնածաւալ յարձակումը` թոյլ չտալով անոնց Մարտակերտ եւ Եղնիկներու պաշտպանական գօտի թափանցել: Այդ հերոսական կռիւին զոհուած 24 մարտիկներէն 20-ը Պռօշեան համայնքէն էին: