
Համաժողովրդական Շարժման Միացած են Նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Շրջաններուն Մէջ
Այսօր, Ապրիլ 14-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մեկնարկած համաժողովրդական շարժման միացած են նաեւ հանրապետութեան շրջանները:
Վառելանիւթ չըլլալուն պատճառով` իւրաքանչիւր շրջան տեղւոյ վրայ իրականացուցած է բողոքի ցոյցը։ Մարտունիի մէջ տեղի ունեցած է երթ դէպի ռուս խաղաղապահներու տեղակայման վայր:

«Երթին մասնակցած են շրջվարչակազմի ղեկավարութիւնը, Մարտունիի քաղաքապետարանի աշխատակազմը, տարբեր հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու աշխատակազմեր, բնակիչներ։ Անոնք իրենց պահանջ-յորդորը ներկայացուցած են ռուս խաղաղապահ ուժերու Մարտունիի հենակէտի պատասխանատուներուն։

Մարտակերտի շրջանը եւս միացած է համաժողովրդական շարժման: Երթ տեղի ունեցած է նաեւ շրջկեդրոն Մարտակերտի մէջ:

Ասկերանի շրջանի բնակիչները շարժման միացած են Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն մեկնարկած հանրահաւաքին ու երթին: Անոնք վրաններ տեղադրած է Իւանեան համայնքին մէջ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի մշտական տեղակայման վայրի տարածքին վրայ` մինչեւ յստակ լուծում տրուի համաժողովրդական շարժման պահանջներուն:
