
Երեւանի Կասեան Փողոցը Վերանուանուեցաւ Վազգէն Առաջինի Անունով
Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի առաջարկով՝ Սարգիս Կասեանի անունը կրող փողոցը վերանուանուեցաւ Վազգեն Ա-ի անունով: Այս մասին կը հաղորդէ 168.am-ը։
Երեւանի աւագանիի նիստին ընթացքին որոշումը հաւանութեան արժանացած է աւագանիի անդամներուն կողմէ: