
«Արցախը Բնաջնջման Եզրին է. Ֆրանսան Խօսքէն Գործի Պէտք է Անցն»․ Հաղորդագրութիւն
Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը հանդէս եկած է «Արցախը բնաջնջման եզրին է. Ֆրանսան խօսքէն պէտք է անցնի գործի» խորագիրով հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ կը նշուի․
«2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) շրջափակումը ալ աւելի ողբերգական ընթացք ունեցաւ Յունիս 15-25 երկարող ժամանակահատուածին, երբ պաքուի վարչաձեւը արգելապատնէշ տեղադրեց՝ փակելով դէպի Հայաստան տանող ճանապարհը։
Անամօթաբար ձգտելով միջազգային հանրութենէն թաքցնել իր իրական մտադրութիւնները՝ ազրպէյճանը յունիս 25-ին տեղափոխեց այս պատնէշը՝ սակայն կրկին թոյլ չտալով ազատ տեղաշարժը հայկական երկու պետութիւններուն միջեւ: Այդ պահէն ի վեր, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) եւ ՌԴ խաղաղապահ ուժերուն շարասիւները, որոնք սուղ պաշարներ կը մատակարարէին արցախցիներուն, արգիլուեցան: Այսինքն իրավիճակ մը, որ կը վկայէ, որ ազրպէյճանը կանխամտածուած սովամահ կ՝ընէ երկրի 120,000 բնակիչները։
Բարեկամութեան շրջանակը կը յիշեցնէ, որ Ֆրանսան ունի բոլոր միջոցները նախաձեռնելու միակողմանի պատժամիջոցներ ազրպէյճանական վարչաձեւին դէմ՝ այս գործով ներգրաւելով նաեւ Եւրոմիութիւնը: Ֆրանսական դատարանները վերջերս ստացած են համընդհանուր իրաւասութիւն՝ եւ փաստօրէն ունին իրաւազօրութիւն հետապնդելու բռնապետ իլհամ ալիեւը եւ անոր կամակատարները։

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը կը շեշտէ, որ Ռուսիոյ ներկայ տկարացումը, որ կ՝արտացոլուի Արցախի մէջ ընթացող զարգացումներուն մէջ, պէտք է մեծցնէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Արեւմուտքի եւ յատկապէս Ֆրանսայի գործողութիւններուն հնարաւորութիւնները»։
Իբրեւ լրացում՝ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Բուբոնին յայտարարած է․ «Այն, ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ՝ անոր բնակիչները սովամահ ընելը, իբրեւ ցեղական զտումներու նախերգանք, միջազգային խնդիր է։ Ֆրանսան այլեւս չի կրնար բաւարարուիլ բառերով: Ֆրանսայի կառավարութեան անգործութիւնը այս հարցով աւելի քան անհասկնալի է, քանի որ Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատները, ինչպէս նաեւ ողջ քաղաքական դասը կը պահանջեն գործել։ Արցախցիներուն դէմ ազրպէյճանի ոճրագործութիւնը պէտք չէ վերածուի «Արեւելեան ճեպընթացի մէջ» տեղի ունեցած յանցագործութեան, որուն, թէ կուզ իրենց անգործութեամբ, մասնակից պիտի դառնան միջազգային հանրութեան բոլոր խոշոր անդամները»։