Ըմբշամարտի 2023 Թուականի Մ20 ԵԱ Հայաստանի Հաւաքականը Ոսկի Մետալ Նուաճեց

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Սպանական Սանդիակօ տէ Գոմբոսդելա քաղաքին մէջ մեկնարկած յունահռոմէական ոճի մինչեւ 20 տարեկան ըմբիշներու Եւրոպայի առաջնութեան Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց ոսկի առաջին մետալը:

Ըստ Sputnik Արմենիայ-ի՝ 63 քկ քաշային կարգով հանդէս եկող Եուրիկ Յովէյեանը եզրափակիչին՝ բաւական ծանր մենամարտի մէջ՝ յաղթեց մոլտովացի Վիտալի Երիոմենգոն։ Մենամարտը աւարտեցաւ 5։5 հաշուով, բայց լրացուցիչ ցուցանիշով յաղթանակը շնորհուեցաւ հայ ըմբիշին։ Նշենք, որ Յովէյեանը կիսաեզրափակիչին 12։1 հաշուով ժամանակէն շուտ յաղթանակի հասած է թուրք Ֆուրգան Էրքենի նկատմամբ։ 55 քկ քաշային կարգի մէջ Հոմերոս Առաքելեանը պրոնեզէ մետալի համար գօտեմարտին գեղեցիկ ու վստահ յաղթանակ տարաւ թուրք Մուհամետ Էմին Չաքիրի նկատմամբ։