ԱՄՆ-ը Պէտք Չէ Արտօնէ, Որ ազրպէյճանը Ռազմատենչ Վարքագիծ Դրսեւորէ Եւ Վերջնական Համաձայնագիրի Պայմանները Թելադրէ․ Փալոն

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանը ակնյայտօրէն կանխամտածուած քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախէն բնիկ հայ ազգաբնակչութիւնը հեռացնելու եւ նախնիներու ժողովրդավար երկրին մէջ ազատ ու արժանապատիւ ապրելու կարելիութենէն զրկելու համար: Ատիկա, ըստ էութեան, զտումներու յստակ նշան է, ինչ որ պէտք չէ անտեսուի:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Թոմ Լանթոսի անուան մարդու իրաւունքներու յանձնախումբին մէջ «Ի պաշտպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին» խորագիրով լսումներուն ժամանակ:

Քոնկրեսական Փալոնը, որ լսումներու ժամանակ ներկայացուցած է իր դիտարկումներն ու առաջարկները, նախ եւ առաջ ընդգծած է ազրպէյճանի ցեղասպանական մտադրութիւնը` Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող նախայարձակումին եւ շրջափակման պայմաններուն մէջ: Փալոնի դիտարկումով` ազրպէյճանի նախագահը մէկ կողմէ կը քննարկէ արցախեան հիմնահարցը, բայց միւս կողմէ կը տեղահանէ արցախահայերը` չփորձելով անգամ թաքցնել շարունակաբար հայկական տարածք մահաբեր ներխուժումներ իրականացնելու նկրտումները:

«Արդէն ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները սկսին աւելի լաւ ու արդիւնաւէտ կիրարկել իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական գործիքները, ներառեալ պատժամիջոցները, որպէսզի վերջ տան այս ճգնաժամին»,- ըսած է Փալոն:

Անդրադառնալով տեղեկութիւններուն, որ միւս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ պիտի շարունակուին բանակցութիւնները Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ, քոնկրեսական Փալոն կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն` կանխելու ազրպէյճանի ռազմատենչ վարքագիծը, որով վերջինս կը փորձէ թելադրել վերջնական համաձայնագիրի պայմանները: Ատիկա, ըստ քոնկրեսականին, պիտի չյանգեցնէ շրջանին մէջ արդար եւ տեւական խաղաղութեան: