Բերձորի Միջանցքին Ամբողջական Շրջափակումը Խիստ Մտահոգիչ է. ԵՄ Մամուլի Խօսնակ

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպական Միութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ աճող լարուածութեան, որոնց միջազգային սահմանի երկայնքով ամէն օր կ՝արձանագրուին կրակոցներ, ի լրումն ղարաբաղեան սամանագիծին նմանատիպ միջադէպերուն: Այս մասին նշուած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու մամուլի խօսնակ Նապիլա Մասրալիի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Յունիս 15-էն սկսեալ Բերձորի միջանցքին ամբողջական արգելափակումը խիստ մտահոգիչ է։ Ատիկա ուղղակիօրէն կը սպառնայ տեղի բնակչութեան կենսապահովման ու լուրջ մտավախութիւններ կ՝առաջացնէ հնարաւոր մարդկայնական ճգնաժամին վերաբերեալ:»

Վերջին բարձր մակարդակի հանդիպումներուն շարքէն ետք՝ ԵՄ-ն կը շարունակէ ներգրաւուած ըլլալ ամենաբարձր քաղաքական մակարդակով՝ օգնելու այդ լարուածութեան մեղմացման եւ գտնելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: