
Բեմադրիչ Միքայէլ Գուրջեանի «Ամերիկացին» Ֆիլմը Միջազգային Նոր Մրցանակ Նուաճած է
Բեմադրիչ Միքայէլ Գուրջեանի «Ամերիկացին» ֆիլմը նուաճած է միջազգային իր նոր մրցանակը՝ այս անգամ Ժընեւի արեւելեան ֆիլմերու միջազգային 18-րդ փառատօնին՝ արժանանալով փառատօնի Լիամեթրաժ ֆիլմերու միջազգային մրցոյթի «Արծաթէ FIFOG 2023» մրցանակին։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Շարժանկարի Ազգային կեդրոնէն։
Հայ շարժանկարի 100-ամեակի պետական ծրագիրին ծիրէն ներս, Յունիս 17-ին, փառատօնի ծրագիրով յայտարարուած «Հայկական օր»-ուան ծիրէն ներս, մեծ շուքով նշուած է շարժանկարի յոբելեանը։
Ֆիլմը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով ողջ մնացած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդի՝ Չարլիի մասին, որուն ընտանիքը, դժբախտաբար, զոհ դարձած էր ցեղասպանութեան: Պատմութիւնը կը սկսի 1947թ., երբ Չարլին կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի խորհրդային կոմունիզմ կոչուող դաժան իրականութեան: Հայաստանի մէջ Չարլին անմիջապէս կը ձերբակալեն եւ կը դատապարտեն ազատազրկման: Իրավիճակին ամբողջ լրջութիւնն ու սարսափը գիտակցելով մէկտեղ՝ Չարլին պատահմամբ կը յայտնաբերէ, որ իր բանտախուցի արտաքին պատը վնասուած է երկրաշարժի հետեւանքով՝ յառաջացնելով ճեղք մը, որուն մէջէն ան կը կարողանայ տեսնել մօտակայ շէնքի բնակարաններէն մէկը, ուր կ՝ապրէր զոյգ մը՝ Տիգրանն ու Ռուզանը: Ասոնք ալ կը դառնան Չարլին արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ օղակը: Չարլին կը սկսի հետեւիլ ամուսնական զոյգի կեանքին, ճաշել, ուրախանալ, տխրիլ, երգել ու պարել անոնց հետ միաժամանակ, կը փորձէ ճանչնալ հայկական մշակոյթը, որ մինչ այդ անծանօթ էր իրեն:
Բեմադրիչ եւ սենարիստ՝ Միքայէլ Գուրջեան, օփերատոր՝ Ղասեմ Էբրահիմեան, դերասաններ՝ Յովիկ Քէուչկերեան, Միխայիլ Տրուխին, Նելլի Ոււարուա, Ժան-Փիէր Նշանեան, արտադրողներ՝ Արման Նշանեան, Սոլ Տրիոն, Փաթրիք Մալխասեան, Անի Որսկանեան, արտադրող ընկերութիւն՝ People Of Ar Productions…