Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի Միջեւ

Հայաստան, Սփիւռք

23 Հոկտեմբեր 2018-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այս առիթով, նախագահ Սահակեան անգամ մը եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնները յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։

Սոյն հաղորդակցութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Արցախի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին մասին։ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց Սփիւռքին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամուր կապուածութիւնը Արցախի անկախութեան ու ծաղկման բոլոր աշխատանքներուն։

Յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ուղերձ մը յղած էր Վեհափառ Հայրապետին՝ իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով, որ ընթերցուեցաւ ի պատիւ Նորին Սրբութեան տրուած պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին։