
ԵԽԽՎ-ն Ընդունեց «Բերձորի Միջանցքէն Ազատ, Անվտանգ Մուտքի Ապահովումը» Բանաձեւը
Քիչ առաջ ԵԽԽՎ-ն քուէարկութեամբ ընդունեց «Բերձորի միջանցքէն ազատ, անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը եւ խորհրդատուութիւնները։ Այս մասին Facebook-ի իր էջով կը հաղորդէ ԵԽԽՎ-ի մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեան:
«ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը ըրաւ ամէն ինչ` բանաձեւը փոփոխելու կամ անոր ընդունումը տապալելու համար, բայց չյաջողեցաւ։ Անոնց առաջարկած մօտ 60 փոփոխութիւնները մերժուեցան եւ բանաձեւը ընդունուեցաւ։ Ի հեճուկս ազրպէյճանի պնդումներուն՝ ԵԽԽՎ բանաձեւը յստակ կ՝արձանագրէ, որ Բերձորի միջանցքէն չկայ ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժ։
Բանաձեւը յատկապէս կ՝անդրադառնայ ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման մարդկայնական եւ մարդու իրաւունքներու հետեւանքներուն, կ՝ընդգծուի Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան հրատապ գործուղման անհրաժեշտութիւնը, կոչ կ՝ուղղուի ազրպէյճանին անյապաղ կատարելու ՄԻԵԴ եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները, կոչ կ՝ուղղուի ազրպէյճանին վերականգնելու ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղ։
ազրպէյճանին նաեւ հասցէական կոչ կ՝ուղղուի հրաժարելու հայերուն դէմ կիրառուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութենէն։
Բանաձեւին մէջ, ի թիւս այլ կէտերու, մասնաւորապէս, կ՝արձանագրուի. Վեհաժողովը չափազանց անհանգստացած է Բերձորի միջանցքէն ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի ընդհատումով եւ անոր յաջորդած ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման կանխամտածուած դադարեցումով։
Վեհաժողովը ցնցուած է այն փաստէն, որ ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չ՝ընդունիր ներկայ իրավիճակէն բխող լրջագոյն մարդկայնական եւ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած հետեւանքները: Վեհաժողովը խորապէս կ՝ափսոսայ, որ ԵԽԽՎ զեկուցողը իր փաստահաւաք այցին ընթացքին չէ հրաւիրուած ազրպէյճան եւ չէ կրցած մեկնիլ Բերձորի միջանցք։
Վեհաժողովը կը շեշտէ, որ ներկայ իրավիճակը կայուն չէ եւ կրնայ հանգեցնել այն բանին, որ հայ բնակչութիւնը պարտադրուած ըլլայ լքել իրենց տուներն ու համայնքները, եթէ հակամարտութիւնը լուծում չստանայ: Այս ծիրէն ներս Վեհաժողովը կոչ կ՝ընէ հրատապ հասցէագրել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հարցերը՝ պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջոցով, ինչպէս նաեւ ապահովել միջազգային չեզոք ներգրաւում՝ խաղաղութեան ուղղուած ցանկացած մեքենականութեան կիրառման համար։
Վեհաժողովը կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանին առանց աւելորդ երկարաձգման կատարելու 2022 թ․ Դեկտեմբեր 21-ին կիրառուած ՄԻԵԴ միջանկեալ միջոցները։ Վեհաժողովը կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանին հրատապ կերպով կատարելու նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին որոշումը։
Վեհաժողովը կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանին հրաւիրելու Եւրոպայի խորհուրդի պատուիրակութիւնը փաստահաւաք առաքելութեամբ այցելելու Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ տեղւոյն վրայ իրավիճակը գնահատելու համար: Վեհաժողովը նաեւ կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանին թոյլ տալու այլ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ ներառեալ ՄԱԿ հաստատութիւններուն, մուտք գործելու տարածաշրջան։
Վեհաժողովը կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանին իրապէս կառուցողական եւ խաղաղ մօտեցում ցուցաբերելու հարեւան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն հանդէպ: ԵԽԽՎ-ն ազրպէյճանին կոչ կ՝ընէ գործադրելու բոլոր ջանքերը երկու ուղղութիւններով Բերձորի միջանցքէն ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի համար: ԵԽԽՎ-ն կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանին անյապաղ վերականգնելու ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը եւ հայերու հետ համաձայնեցնելու հայկական, ոչ թէ՝ ազրպէյճանական տարածքէն անցնող կազի եւ ելեկտրացանցի մատակարարման նոր երթուղին:
Վեհաժողովը խիստ մտահոգուած է ազրպէյճանի ղեկավարութեան՝ ամենաբարձր մակարդակով հայերուն դէմ կիրառուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ կը հորդորէ ազրպէյճանին հրաժարելու նման հռետորաբանութենէն եւ քայլեր ձեռնարկելու ինչպէս ատելութեան խօսքի, նաեւ՝ հանրութեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ հնչող, այնպէս ալ ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւններու դէմ պայքարելու համար»,- գրած է ան: